Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռու­մա­նա­հայ գրող Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեան ար­ժա­նա­ցաւ «Angelus» գրական մրցանակին

Ռու­մա­նա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ եւ գրող Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեան ար­ժա­նա­ցաւ եւրոպական «Angelus» գրա­կան մրցա­նա­կին, որ կը տրուի Կեդ­րո­նա­կան Եւրոպա­յի մէջ։ Այս մասին կը հա­ղոր­դէ «Ժամանակ» թերթը, նշելով, որ Լեհաստանի ձայ­նաս­փիւ­ռը տե­ղե­կա­ցուցած է, որ Վա­րու­ժան Ոս­կա­նեա­նին այս պար­գե­ւը տրուած է «Շշուկ­նե­րու գիրք» վէ­պին հա­մար։ Մրցա­նա­կի մի­ջազ­գա­յին դա­տա­կազ­մը կը գլխա­ւո­րէր Ուքրանիայէն բա­նաս­տեղծ ու հրա­պա­րա­կա­գիր Միքոլա Ռիափ­չուք։

«Angelus» մրցա­նա­կը կը յանձ­նուի 2006 թուա­կա­նէն ի վեր՝ լե­հե­րէն հրապարակուած լա­ւա­գոյն գիր­քի հա­մար։ Դափ­նե­կիր կրնայ դառ­նալ Կեդրոնական Եւ­րո­պա­յի քսա­նմէկ եր­կիր­նե­րէն մէ­կուն գրո­ղը։ Ան­ցեալ տա­րուան դափ­նե­կի­րը ե­ղած էր Ուք­րանա­իայէն բա­նաս­տեղծ ու վի­պա­գիր Սէր­կէյ Ժա­տին՝ «Մի­ջա­գետք» գիր­քին հա­մար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ