Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով փոխզիջում հնարաւոր է: Ան կրնայ ինքնավար հանրապետութիւն դառնալ:
Այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Ռուսիան այսօր» միջազգային լրատուական գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Տմիթրի Քիսիլեովին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, կը յայտնէ Թերթ.ամ-ը:
«Խելամիտ փոխզիջումը հնարաւոր է. Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան, անոնց կենսագործունէութեան, ինքնավարութեան ապահովում, Ատրպէյճանի կողմէ տարբեր ներդրումային նախագիծերու իրականացում: Եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ փոխգործակցութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար շրջանի սահմաններէն դուրս տարածքներու ազատագրման պայմանով. ահա մենք այսպէս կը տեսնենք հակամարտութեան կարգաւորումը»,- ըսած է ան: Ի դէպէ` ան նշած է, որ «Ազրպէյճան երբեք չի համաձայնիր Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տրամադրման», կը փոխանցէ ria.ru-ն:
«Բայց կրնայ ըլլալ փոխզիջում տեղական ինքնավարութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան հարցերու շուրջ, ապագային, եթէ մենք պայմանաւորուինք, անիկա կրնայ ըլլալ ինքնավար հանրապետութիւն»,- աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը: