Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024

Շաբաթաթերթ

Էրտողան Թուրքիոյ «պատմական տարածքներ» հռչակած է Կիպրոսը, Հալէպը, Մուսուլը, Պաթումը, Վառնան եւ այլ շրջաններ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ելոյթ ունենալով Ռիզէի համալսարանին մէջ, անդրադարձած է Թուրքիոյ «ֆիզիքական եւ հոգեւոր» սահմաններու խնդրին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Sabah» թերթը:
«Մեր ֆիզիքական սահմանները այլ են, հոգեւոր սահմանները՝ այլ: Շատեր մեզ կը հարցնեն՝ ինչ գործ ունիք Իրաքի, Սուրիոյ, Վրաստանի, Ղրիմի, Ղարաբաղի, Ազրպէյճանի, Պալքաններու, Հիւսիսային Ափրիկէյի հետ: Բայց այս վայրերը մեզ համար օտար չեն: Թուրքիան պարտաւոր է եւ իրաւունք ունի զբաղուելու այս եղբայրական տարածքներու հարցերով: Թուրքիան միայն Թուրքիա չէ»,- յայտարարած է Էրտողան: Ան յիշեցուցած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին օսմանեան մեճլիսի պատգամաւորներու հրապարակած վերջին հռչակագիրը, որ յայտնի է «Misak -ı Milli» («Ազգային դաշինք» կամ «Ազգային երդում») անունով:
1920թ. 17 փետրուարին հրապարակուած եւ 6 յօդուածէ բաղկացած այդ փաստաթուղթի ամբողջ 3 յօդուածը նուիրուած էր Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Թուրքիոյ սահմաններու գծագրման:
«Որոշ պատմաբաններ կ’ընդունին, որ «Ազգային դաշինքի» նկարագրած սահմաններու մէջ, Թուրքիոյ մաս կը կազմեն նաեւ Կիպրոսը, Հալէպը, Մուսուլը, Էրպիլը, Քերքուքը, Պաթումը, Սալոնիկը, Կարճալին, Վառնան եւ Եգիական ծովու կղզիները», – աւելցուցած է Էրտողան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ