Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Unicef-ը կը զգուշացնէ. Մուսուլ բնակող կէս միլիոն երեխաներ կրնան գաղթական դառնալ

Մինչ Մուսուլը Տահէշէն ազատագրելու գործողութիւններն այսօր կը մտնեն նոր փուլ, ՄԱԿ-ի Unicef-ը կը զգուշացնէ, որ Մուսուլ բնակող աւելի քան կէս միլիոն երեխաներ կրնան գաղթական դառնալ: Նոյն մարմինը նաեւ զգուշացուցած է, թէ այդ երեխաները կրնան սովի մատնուիլ, եթէ արագ կարգադրութիւններ չկատարուին դիմաւորելու համար Մուսուլէն խոյս տուողները: Ըստ BBC Arabic կայանին, միայն երէկ աւելի քան 5 հազար իրաքցիներ դուրս եկած են Մուսուլէն եւ ծանր պայմաններու տակ քալելով հասած են Իրաք-Թուրքիա սահմանային գօտիներ: Աղբիւրը կը նշէ, որ ՄԱԿ-ի գաղթականներու մարմինը մասնաւորապէս Իրպիլի մէջ գաղթականներու յատուկ նոր կայաններ կառուցած է: Ըստ ՄԱԿ-ի մէկ պաշտօնատարին,  կը սպասուի, որ Մուսուլէն դուրս գան մէկ միլիոն գաղթականներ, որոնց կէսը երեխաներ են:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ