Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Ոչ եւս է լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Կիւվտէր

Կիրակի 23 հոկտեմբերին, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ վաստակաւոր արուեստագէտ Ճոն Կիւվտէրէլեան (Կիւվտէր): Արուեստագէտ Կիւվտէր իր տարիներու արուեստով ու վաստակով դարձած էր Լիբանանի մէջ հայ ժողովուրդի անպաշտօն դեսպանը: Ան եղած է լիբանանցի առաջին փրոֆէսօրը, որ դասաւանդած է Պէյրութի մշակութային հիմնարկին մէջ:
Ծնած է 1923-ին, մասնագիտացած է Փարիզի Գեղարուեստի ազգային ակադեմիային եւ արուեստի զանազան բնագաւառներուն մէջ: 1960-ական թուականներուն վարած է «Կիւվտէրի արուեստի ակադեմիա»-ն: Անոր աշակերտած են ժամանակակից լիբանանցի, արաբ, ինչպէս նաեւ հայ հանրածանօթ դարձած արուեստագէտներ, ինչպէս` Միսաք Թերզեան, Գրիգոր Նորիկեան, Ասատուր, Վահէ Պարսումեան եւ շատ ուրիշներ: Ինք անձամբ գործած, դասաւանդած է արուեստի զանազան մարզերուն մէջ, ինչպէս` գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն, արձանագործութիւն եւ այլն:
Ան տարիներու մեծ վաստակ ունեցած է ԱԼՊԱ համալսարանին եւ ընդհանրապէս Լիբանանի ժամանակակից նկարչութեան եւ կերպարուեստին մէջ: Աւելի քան երեք տասնամեակ դասաւանդած է Լիբանանեան համալսարանի արուեստի հիմնարկի` ԱԼՊԱ-ի մէջ:

Վերջին վեց տարիներուն ան Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ ունեցած է երկու անհատական ցուցահանդէսներ:

Իր գործերը ցուցադրուած են ու կը ցուցադրուին լիբանանեան, թէ միջազգային հայ թէ օտար արուեստի ցուցասրահներուն մէջ:

Նշենք, որ ԱԼՊԱ համալսարանի տնօրէնութիւնը վերջերս հրատարակեց շուրջ 350 էջերէ բաղկացած ֆրանսերէն ալպոմ-գիրք մը, ուր ամփոփուած են Կիւվտէրի գործերուն գունագեղ պատկերները, իր եւ իր աշակերտներու վկայութիւնները:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ