Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Wnews.am.ԱՄՆ-Ի ամենապահանջուած հրուշակագործը հայուհի է

Լաս Վեկասի ամենաշքեղ «Վին» խաղատան գլխաւոր հրուշակագործ-ձեւաորող Ֆլորա Աղաբաբեանը տարբեր միջազգային կարկանդակի փառատօներու մրցանակակիր է։
Անոր պատրաստած հրուշակագործութեան գլուխգործոցները կը ցուցադրուին տարբեր երկիրներու թանգարաններու մէջ։

Ֆլորայի կարկանդակներու պատուիրատուներն են միլիառատէր Տոնալտ Թրամփը, Սթիւ Վինսը, դերասաններ Մէլ Կիպսընը, Ճենիֆըր Լոփեզը, Ուիլ Սմիթը, երգչուհիներ Սելին Տիոնը, Պեյոնսէն, հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը, թենիսիստ Անտրէ Ակասին, պասկեթպոլիստ Մայքլ Ճորտընը եւ այլն։
Նախագահի թեկնածու Միտ Ռոմնիի համար անոր պատրաստած կարկանդակը սքանտալի պատճառ դարձաւ։


4612883-0-4

 

Ռոմնիին քննադատեցին Սպիատկ տան տեսքով կարկանդակ պատուիրելու համար, քանի որ Հանրապետական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս իրեն չէր առաջադրած։


6a011570088124970c01348838064d970c

 

Ֆլորան մանկութենէն պարով զբաղուած է, երկու անգամ ընդունուած է Երեւանի թատրոնի եւ կինոյի պետական հիմնարկ, սակայն ուսումը չէ շարունակած։
Միացեալ նահանգներ տեղափոխուած է 33 տարեկանին։
Կարկանդակ եփելով գումար վաստակած է նախ Ռուսաստանի մէջ, յետոյ տեղափոխուած է ԱՄՆ։
«Երբ ԱՄՆ եկայ, բացարձակ անգլերէն չէի խօսիր, աշխատանքս շատ պատահական գտայ, հայկական տեղ էր, մօտեցայ խմորեղէնի բաժին ու հարցուցի, թէ իրենց աշխատող պէ՞տք է, անոնք շատ հաւնեցան իմ աշխատանքներս եւ ընդունեցին»,- կը պատմէ Ֆլորան։


Wynn_Gingerbread_2012Flora_CreditAlexKarvounis_Print-588

 Յետագային ան որոշած է աշխատիլ Լաս Վեկասի մէջ։

Մէկ տարի որպէս հրուշակագործ միաժամանակ երեք խաղատուներու մէջ աշխատած է։
«Շաբթական 96 ժամ կ’աշխատէի, կ’արթննայի առտու ժամը 2.30-ին, 4-էն աշխատանքի կ’անցնէի, յետոյ յաջորդ աշխատանքս կը սկսէր ցերեկը ժամաը 1-էն, մինչեւ երեկոյան 9-ը, կ’անցնէի երրորդ գործին։ Այդպէս մէկ տարի, ինձ կ’ըսէին, թէ չեմ դիմանար, բայց դիմացայ»,- կը պատմէ ան։
Աւելի քան տաս տարի, Ֆլորան կ’աշխատի որպէս  կարկանդակ ձեւաորող։
«Կարեւորը կարկանդակ պատրաստելը չէ, շատ կարեւոր է անոր հիմքը ամուր պահելը, որ կարենան այն տեղափոխել։ Եղեր են դէպքեր, երբ իմ պատրաստած կարկանդակները օդանաւով մի քանի ժամ այլ երկրներ տեղափոխեր են»,- կ’ըսէ հայ հրուշակագործը։

Ֆլորա Աղաբաբեանը Օքլահոմայի Թուլսա քաղաքին մէջ կայացած հարսանեկան կարկանդակներու աշխարհի մրցոյթին շահած է գլխաւոր մրցանակ:
Անոր պատրաստած կարկանդակները կը վաճառուին 20 հազար տոլարի շուրջ։
Wnews.amը կը ներկայացնէ Ֆլորա Աղաբաբեանի գլուխգործոցներէն մաս մը.


Flora-purse

 

ab4b5c8fbbf0b2eea93d502652cd4cc9

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ