Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաղաքական Ակնարկ. Գաղթականութեան նոր երեւոյթը

 

 Միացեալ Նահանգներու ծնունդէն մինչեւ օրս՝ շուրջ 400 տարիներու ընթացքին, 1630 տարուան արձանագրուած բնակչութիւնը 4 միլիոն 600 հազարէն հասած է 308 միլիոն 745 հազարի, ըստ պաշտօնական արձանագրութիւններուն։ Այս երկրին բնակչութեան յաւելումին կարեւոր ազդակներէն մէկը՝ պաշտօնական եւ ապօրինի գաղթականութիւնն է, որ մնայուն կերպով կը կատարուի աշխարհի գրեթէ բոլոր վայրերէն։ Անշուշտ, բոլոր երկիրներուն նման, Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան մնայուն յաւելումին գլխաւոր ազդակը՝ բնակչութեան բնական յաւելումին սատարող ծնունդներու եւ մահացութեանց տարբերութենէն կը յառաջանայ։

Գաղթականութեան բարդ պատմութիւն մը ունի այս երկիրը։ Ամէն դարաշրջանի, երբեմն ալ՝ ամէն տասնամեակի ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու յատուկ գաղթականութեան հոսք մը ստեղծուած է։ Եթէ քանի մը տասնամեակ առաջ սպանախօսներու զօրաւոր հոսքը հարաւային սահմանները խճողած կը պահէր, նշմարելի  փոփոխութիւն մը յառաջանալ սկսած է քանի մը տարիներէ ի վեր։ Կեդրոնական Ամերիկայի գրեթէ բոլոր երկիրներէն գաղթականներ կ՚ապրին այս երկրի տարածքին։

Տոնըլտ Թրամփի սպառնալիքը՝ թէ երկրին հարաւային սահմանին ամբողջ երկայնքին՝ երկու հազար մղոն, սահմանային պատ պիտի բարձրացնէ… եթէ նախագահ ընտրուի, չափով մը անիմաստ դառնալ սկսած է, որովհետեւ վերջին երեք տարիներուն մարդահամարի թուանշանները ցոյց կու տան, որ Հնդկաստանէն ու Չինաստանէն դէպի Միացեալ Նահանգներ կատարուող գաղթականներու հոսքը երրորդ կարգի վրայ կը պահէ Մեքսիքոյէն կատարուածը։ Օրինակ, 2013 տարուան ընթացքին գաղթականութեան պաշտօնական թուանշանները ցոյց կու տան, որ 147,000 չինացի գաղթականներուն դէմ, 129,000 հնդահպատակներ հաստատուած են, մինչ Մեքսիքօ 125,000 գաղթականներ ղրկած է Միացեալ Նահանգներ։ Ասիական երկիրներէն հասնողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը օրինական գաղթականներ են՝ որպէս աշխատաւոր, ուսանող կամ ընտանեկան վիզայով հոս հաստատուող։ Եւ 25 տարիքէն վեր հաստատուողներուն կէսը՝ շուրջ 18 միլիոնը, արդէն քաղաքացի դարձած են, երբ բաղդատենք 2000 թուականներուն տեղաւորուողներուն 30 առ հարիւրին հետ։ Նոյն ատեն, առանց օրինական թուղթերով սահմանը անցած մեքսիքացիներու զգալի մասը հայրենիք վերադառնալ սկսած է, կիրարկուող սահմանային նոր խստութեան, բայց մանաւանդ Մեքսիքոյի տնտեսութեան բարելաւումին կարեւոր պատճառներով։

Երբ կը գրենք Մեքսիքոյէն կատարուող գաղթականութեան մասին, միշտ ի մտի պիտի ունենանք եւ անկանոն հոսքը սպանախօսներուն՝ որ կը կատարուի օրական դրութեամբ եւ առանց արտօնութեան…։

Ամերիկացիներու զգացումները՝ հանդէպ գաղթականներուն, զգալիօրէն կարծրանալ սկսած է՝ ցեղային, քաղաքական եւ ազգագրական ազդակներու պատճառներով։ Միջին ամերիկացի քաղաքացիին զգացումները՝ հանդէպ ներգաղթողին, ընդհանրապէս ժխտական եղած են։ Բայց, հետաքրքրական շարժում մը զարգանալ սկսած է, երբ երէկի մեքսիքացի ապօրինի գաղթականը հանրութեան կը ներկայանայ իր ձեռք բերած զարգացումով եւ տնտեսական բարեկեցիկ վիճակով։

Գաղթական մեքսիքացին աւելի ընդունելի դարձած է տեղացի քննադատին համար։ 2006 թուականէն ետք, զարգացած գաղթականներուն թիւին յաւելումը զգալի դառնալ սկսած է մեր շուրջը։ Բայց տակաւին, հանրապետականներուն երկու-երրորդը եւ սպիտակներուն 54 առ հարիւրը այն կարծիքի են, որ գաղթականութիւնը կը վնասէ ամերիկացի գործաւորին։ Հակադրուելով այս կարծիքին, դեմոկրատներ, քաղաքացի դարձած սպանախօսներ եւ համալսարանական ուսում ստացածներ, գաղթականներու ներկայութիւնը կը նկատեն ամերիկեան հասարակութեան որակին նպաստող տարր մը։

Այս փոփոխութեան սատարող ազդակներէն մին, ամերիկեան աշխատուժին «ծերացումն» է անշուշտ։ Թոշակառուներու, յառաջացած տարիքի աշխատանքներուն եւ հանգստեան կոչուողներու հսկայ բանակը բնականօրէն անհրաժեշտօրէն կը դարձնէ երիտասարդ սպանախօսներու ներկայութիւնը՝ աշխատուժի շարքերուն մէջ։ «Ամերիկան կարելիութիւնը տուած է ինծի՝ կեանքս որակաւոր ուղիով շարունակելու։ Հնդկաստանի մէջ երբ կը ծնիս, կեանքդ յստակօրէն գծուած է. բայց հոս՝ ճիշդ չէ այդ կարծիքը. հոս՝ տարբեր է ապագադ…» Հնդկաստանէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած տիկին մը կը բացատրէր…։

 

Կլենտէյլ, 13 Հոկտեմբեր 2016

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ