Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի ելոյթը

ՌԱԿ-ի 95-ամեակի տօնակատարութիւն, Ալթատինա, 9 Հոկտեմբեր 2016

 

Յարգելի ներկաներ,

Սիրելի ընկերներ եւ ընկերուհիներ,

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը 95 տարեկան է, գրեթէ հասակակիցը մեր ժողովուրդի տառապանքներով, մաքառումներով, ընկրկումներով, բայց նաեւ յաղթանակներով ու վերելքներով լի վերջին հարիւր տարուան պատմութեան: Յեղափոխական եւ ազգային-ազատագրական պայքարի հարուստ կենսափորձ ունեցող քաղաքական տարբեր հոսանքներու միութեամբ ստեղծուած մեր կուսակցութիւնը սփիւռքի ծնունդ է: Մեր տեսլապաշտ հիմնադիրները, 1921-ին, Պոլսոյ մէջ, հիմը դնելով մեր կուսակցութեան, իրատես եւ ողջամիտ ազգային-քաղաքական նպատակներ դրած էին իրենց առջեւ: Ցեղասպանուած եւ հայրենազրկուած հայութեան վերապրումը, սփիւռքի կազմակերպումը, Հայ Դատի հետապնդումը եւ հայրենիքի հետ գաղթաշխարհի հայութեան շաղկապումը կուսակցութեան ամբողջ գործունէութեան առանցքն էր, իսկ անոր գաղափարական հիմքը եւ դաւանանքը՝ ազատական ռամկավարութիւնը:

Հայութեան ֆիզիքական ապահովութեան, արտաշխարհի հայութեան ազգային ինքնութեան պահպանման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնահարցերը եղան մեր կուսակցութեան գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները՝ 95 տարիներ շարունակ, առանց ընկրկումի եւ շեղումի, ծառայելով Հայ ժողովուրդին: Հայութեան հայրենահաւաքը մեր տեսլականը եղած է եւ ատով կը բացատրուի գաղափարական ամէն նկատումներէ վեր միշտ հայրենիքի հետ ըլլալու մեր հաւատամքը: Հայրենիքի հետ ըլլալը չէ նշանակած եւ չի նշանակեր հրաժարում գաղափարական սկզբունքներէ: Հայրենիքը վեր է ամէն ինչէ, մանաւանդ երբ անոր գոյութեամբ եւ հզօրութեամբ է պայմանաւորուած սփիւռքի հայութեան ապագան:

Արցախեան ազատագրական պայքարը, Հայաստանի մէջ ծաւալած համաժողովրդական շարժումը, բայց մանաւանդ Հայաստանի անկախութեան հռչակումը նոր իրականութիւններ եւ իրողութիւններ բերին իրենց հետ: Անկախ պետականութեան վերականգնումը նոր մարտահրաւէրի մը առջեւ դրաւ Հայ սփիւռքը եւ անոր քաղաքական կուսակցութիւնները՝ Հայրենադարձուելու եւ մայր հողին վրայ գործելու իմաստով: Ինչպէս որեւէ քաղաքական կուսակցութիւն, ՌԱԿ-ը նոյնպէս, միայն մայր հողին վրայ կրնայ ընտրութիւններու միջոցով լիարժէքօրէն կենսագործել իր քաղաքական նպատակները եւ ծրագիրները:

Այդպէս ալ ըրաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, երբ 1991-ին, 18-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին, յարգելով Հայաստանի օրէնքները, որոշեց ստեղծել Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: ՀՌԱԿ-ի առաջին տարիներու յաջողութիւնները ոգեւորած եւ խանդավառած էին մեզ եւ բոլոր տուեալները ունէինք իրականացնելու հայաստանակեդրոն պետական կուսակցութիւն մը դառնալու մեր տեսլականը, որուն ամրօրէն կառչած կը մնանք նաեւ այսօր եւ մեր այս մօտեցումին լաւագոյն վկայութիւնը կուսակցութեանս վերջին Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովն էր, որ առաջին անգամ կը գումարուէր Հայրենիքի մէջ:

Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,

Կուսակցութեան առողջ եւ ամուր կառոյցին հիմերը խախտիլ սկսան գրեթէ 1995-ին եւ ներքին ցնցումներ, բաժանումներ եւ պառակտումներ արձանագրուեցան մեր կուսակցական կեանքին մէջ: Թէեւ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները բարեբախտաբար, կ՚ըսեն, գաղափարական չեն, սակայն անձնական հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ՌԱԿ-ի կառոյցներու ապագայի շուրջ պատկերացումներու տարբերութիւններ պատճառ եղան մեր տկարացումին: Մեր կառոյցը դժբախտաբար չդիմացաւ նոր մարտահրաւէրներուն եւ պահանջներուն առջեւ եւ ճեղքեր տուաւ: Համոզուած եմ սակայն, թէ այդ տարակարծութիւնները կրնանք լուծել միասին, խոհեմութեամբ, երկխօսութեամբ եւ մանաւանդ իրարհասկացողութեամբ: Մենք իրարու հետ պէտք է խօսակցինք ոչ թէ Ես-երու լեզուով, այլ Մենք-ի ելակէտով, նկատի ունենալով մեր կուսակցութեան ապագան:

Կը հաւատամ թէ կուսակցութիւնը տակաւին տալիք մը ունի ազգին եւ հայրենիքին: Մենք ժառանգորդներն ենք շուրջ 100 տարուան իրատես հայրենասիրութիւն քարոզած, գաղափարական դպրոց հիմնած եւ ազգօգուտ գործունէութիւն ծաւալած հաւաքական ուժի մը կերտիչներուն: Ծնած եւ մեծցած ըլլալով հեռաւոր Արժանթինի մէջ, հայրենասիրութիւնը ժառանգելով հօրմէս, ահա այսօր ձեր առջեւ կը գտնուիմ խօսք ըսելու մեր սիրելի կուսակցութեան 95-ամեակին առիթով:

Ռամկավար ազատական գաղափարախօսութեան հաւատալով է, որ մասնակցած եմ նաեւ Արժանթինի ներքին կուսակցական եւ օրէնսդիր կեանքին, մի՛շտ Հայաստանը եւ հայութիւնը պահելով սրտիս, հոգիիս եւ մտքիս մէջ: Հանգամանքներու բերումով այսօր դարձած եմ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը: Այդ պաշտօնը ստանձնած եմ հիմնական բարձր նպատակով՝ զօրաւոր եւ միասնական տեսնելու մեր կուսակցութիւնը, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ:

Առ այդ, մեր կուսակցութեան վերջնական եւ բաղձալի միութիւնը անպայման իրականացնելու մտադրութեամբ միութեան սրտագին կոչ մը ուղղեցի ՌԱԿ-ի բոլոր շրջանակներուն, ակնկալելով անոնց դրական արձագանգը: Յաղթահարելով տարակարծութիւնները, մենք պէտք է վերականգնենք մեր ներքին միասնութիւնը եւ խտացնենք շարքերը, այլապէս վերջնական ձախողութեան դատապարտուելով, հաւաքաբար աններելի սխալ գործած պիտի ըլլանք պատմութեան առջեւ:

Կուսակցութեանս վերջին երկու տասնամեակներու ընդհանուր ժողովներու օրինականութիւնը շարունակ կասկածի տակ դնելու եւ ուրեմն անջատումի ուղին բռնելու գործելակերպը դրական ոչ մէկ արդիւնք կրնայ տալ ոչ անոնց հեղինակ ընկերներուն եւ ոչ ալ ընդհանուր առմամբ կուսակցութեանս համար: ՌԱԿ-ը այլ ելք չունի, քան միասնականութեան ապահովումը:

Հայաստանի դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրները ստիպողութեան մը առջեւ դրած են մեզ՝ մոռնալու ամէն երկրորդական հարց եւ կեդրոնացնելու մեր ուժերը ի նպաստ Հայաստանի բարգաւաճ ապագայի կերտման, երկրի զօրացման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման: Ուղղակի կ’ափսոսամ տեսնելով մեր ուժերուն անիմաստ ջլատումը, երբ այնքա՛ն գործ կայ կատարելու Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ: Կը հաւատամ թէ տակաւին մենք ի վիճակի ենք դարձեալ համախմբուելու եւ միասին աշխատելու, որուն համար ունինք անհրաժեշտ քաղաքական, պատմական, բարոյական եւ մարդկային ներոյժը:

ՌԱԿ-ի բարեկամները, Հայաստանի պետական պատասխանատուները եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին քով-քովի գալու յորդոր ըրած են մեզի, այդ ուղղութեամբ շնորհակալ ճիգեր ալ գործադրելով: Մենք պէտք է օգտուինք մեր կուսակցութեան միասնութիւնը վերականգնուած տեսնել ուզող մեր բարեկամներուն աջակցութենէն եւ կուսակցութիւնը վերադարձնենք իր զարգացման բնական հունին:

ՌԱԿ-ի 95-ամեակի այս հանդիսութեան առիթով դարձեալ կոչ կ’ուղղեմ բոլորին ընկերական սիրով եւ նոյն ընտանիքին պատկանելու ոգիով նուիրուելու ազգային ծառայութեան, դրական քայլերով յառաջ տանելու մեր առաքելութիւնը՝ ի շահ հայ ժողովուրդի եւ ի նպաստ հայրենիքի, ինչպէս նախորդ տասնամեակներուն ըրած են մեր ղեկավարները եւ շարքային ընկերները:

Հինգ տարի յետոյ մենք պիտի նշենք մեր կուսակցութեան հարիւրամեակը: Ուրեմն, եկէք համերաշխ ոգիով, ազգային եւ քաղաքական գործունէութեան նոր եւ արհեստավարժ ծրագրումներով, ժամանակի եւ արդի պահանջներուն համահունչ Ծրագիր-Կանոնագրի որդեգրումով, բայց մանաւանդ վերանորոգ ուխտով նետուինք ասպարէզ, միշտ մեր մտքին մէջ ունենալով կուսակցութեանս 95-ամեայ հարուստ պատմութեան տէրը մնալու յանձնառութիւնը:

Կեցցէ՛ Հայաստանը,

Կեցցէ՛ Հայ Ժողովուրդը,

Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ