Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Խիղճի խայթ. Գէորգ Գէօշկէրեան

Հայկական Բարքեր

Խիղճի խայթ

Գէորգ Գէօշկէրեան

Թէեւ Հայկական Ցեղասպանութենէն դար մը անցաւ, սակայն այդ ահաւոր կրակին բոցը տակաւին կը մխայ մեր հոգիներուն մէջ՝ որովհետեւ ոչ միջազգային ճանաչում գտաւ ան եւ ոչ ալ արդար հատուցում ստացան վերապրողները…

Պէտք է ըսել, որ գնահատանքի արժանի են այն բոլոր երկիրները՝ որոնք անտեսելով իրենց երկիրներուն գերադաս շահերը, ճանաչում շնորհեցին Հայկական Ցեղասպանութեան։ Նոյնպէս պէտք է արժանի կերպով գնահատել այն բոլոր թուրք մտաւորականները՝ որոնք արհամարհելով իրենց անձերուն սպառնացող վտանգները, խոստովանեցան իրենց պապերուն գործած մեղքերը եւ ներում խնդրեցին վերապրողներէն։

Այդ մտաւորականներու շարքին կարելի է դասել, ի միջի այլոց, հեղինակներ Քէմալ Եալչինը, Թաներ Աքչամը, Ֆէթհիյէ Չէթինը եւ Պոլսոյ Սապանչը համալսարանի փրոֆեսոր Հալիլ Պէրքթայը։ Ասոնց կարգին կան նաեւ պետական երեսփոխաններ, քաղաքապետներ եւ հազարաւոր պարզ քաղաքացիներ, որոնք ընդունելով դառն իրականութիւնը, կոչ կ՛ուղղեն կառավարութեան որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Ճշմարտութիւնը ճանչցող այդ թուրքերը կ՚ապրին ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլեւ աշխարհի տարածքին։ Վերջերս հետաքրքրական դէպք մը պատահած է Լոս Անճելըսի մէջ, զոր կ՚ուզեմ բաժնել ընթերցողներուն հետ։

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլէնտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղի մեր վարչական անդամներէն մին՝ կէսօրուայ դադարի ժամանակ, ճաշի նստած է քորէացի իր մէկ գործակիցին հետ։ Քորէացին հետեւեալը պատմած է իմ վարչական ընկերոջ։

Ընկերուհիիս (girlfriend) հետ ճաշարան գացած էինք ընթրիքի, երբ երկու պատանիներ ճաշարանէն ներս մտան եւ սեղան առ սեղան երթալով ջանացին շոքոլա ծախել։ Ամերիկայի մէջ ընդունուած սովորութիւն է, որ դպրոցական աշակերտներ եւ կամ արիներ ու արենոյշներ, դպրոցական եւ կամ սկաուտական ձեռնարկի մը համար այս ձեւով դրամահաւաք կատարեն։

Երբ պատանիները քաջալերող չգտնուեցաւ, մեր քովի սեղանէն վաթսունամեայ մարդ մը զիրենք իր մօտ կանչեց եւ հինգ տոլար տուաւ անոնց։ Փոխարէն, պատանին հինգ շոքոլա տուաւ մեր մարդուն՝ որ սակայն մերժեց։ Ան ըսաւ, որ ինծի ինկած բաժինը ընկերներով կերէք եւ անուշ ըլլայ։ Պատանիները չափէն աւելի ուրախացած՝ յանկարծ դուրս վազեցին ճաշարանէն։

Ապշած, մարդուն հարցուցի թէ ինչո՞ւ շոքոլաները չառաւ։ Ան պատասխանեց հետեւեալ բացատրութիւնը տալով։ Ես թուրք եմ, իսկ այդ պատանիները՝ հայ։ Ուրեմն, համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին, մեր նախնիներուն գործած անմարդկային ոճիրը իրենց նախնիներուն հանդէպ՝ ինծի խղճի խայթ պատճառած է եւ ես կ՚ուզեմ որ այս պատանիները իրենց ծնողներուն նման անտէր-անտիրական չմեծնան…

Հիմա, վստահաբար պիտի հարցնէք թէ թուրքը ինչպէ՞ս գիտցաւ պատանիներուն հայ ըլլալը։ Հաւանաբար անոնց խօսակցութենէն կռահեց՝ եթէ հայ բարեկամներէ մի քանի հայերէն բառ սորված է, եւ կամ անոնց արտաքին երեւոյթը մատնած էր զիրենք։ Ինչ որ է, ինծի գոհունակութիւն պատճառող երեւոյթը հետեւեալն է. թուրքը խոստովանեցաւ իր պապերուն գործած յանցանքը եւ քորէացին վերահասու դարձաւ հայոց ջարդին, որ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր։

Իցի՜ւ թէ այդ խղճի խայթը փոխանցիկ ըլլար եւ վարակէր թրքական պետութեան պաշտօնատարները, որոնք եւս ընդունէին հայոց ցեղասպանութիւնն ու արդար հատուցման մասին վերջապէս շիտակ որոշում առնէին։ Արդեօք մեր երազը պիտի իրականանա՞յ օր մը։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ