Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գալիլիոյ «Վերափոխման» եկեղեցին թալանի ենթարկուած է

Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող «Վերափոխման» եկեղեցին թալանի ենթարկուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած է Իսրայէլի քրիստոնեայ կրօնապետերու խորհուրդի ներկայացուցիչ Ուատիհ Ապու Նասսար: Ան նաեւ յայտնած է, թէ Գալիլիոյ «Թապուր» լերան մերձ գտնուող եկեղեցիին դէմ կատարուած արարքը քաղաքական ծրագիրներ չի հետապնդեր եւ այն եղած է թալանի նպատակով: Կը հաղորդուի, որ պատմական եկեղեցիին մէջ գտնուող ոսկեայ խաչեր եւ սկիհներ թալանուած են: Արաբական կարգ մը աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնած էին, որ այս արարքը կատարուած է հրեայ աջակողմեան ծայրայեղականներուն կողմէ, բայց աւելի ուշ պարզ դարձած է, որ արարքը այդպիսին չէ: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ