Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պուրսա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին յայտարարած է, թէ պատմականօրէն Իրաքի Մոսուլ քաղաքը իրենց եղած է, կը գրէ թրքական «Պիրկիւն» պարբերականը:
Էրտողան խօսքը ուղղելով Իրաքի իշխանութիւններուն ըսած է.-«Մոսուլն ալ, Քէրքուկն ալ անցեալին մերն էին: Ինչո՞ւ կը վրդովիք, ես պատմութեան դաս կու տամ ձեզ, հասկցէ՛ք: Մենք տեղացի ենք, մենք հայրենասէր ենք»,- ակնարկած է Էրտողան: Աւելի ուշ ան աւելցուցած է. «Բայց մենք Իրաքի հողերու վրայ աչք չունինք»:
Էրտողանը նաեւ յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ «Եփրատի վահան» գործողութեան ծիրէն ներս թրքական զինեալ ուժերը պէտք է յառաջանան մինչեւ ալ-Պապ եւ Ռաքքա, այնտեղ ալ պայքարելու համար «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ: Էրտողանը նշած է, որ Ռաքքայի մէջ իրենք մտադիր են համագործակցել ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնային ուժերուն հետ: