Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կասկածեալ Էնկին Տինչը, որ կը զբաղեցնէր Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզական բաժնի պետի պաշտօնը, նշականուած է Էսքիշեհիրի ոստիկանութեան պետի պաշտօնին: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հուրիէթ» պարբերականը: Ընդհանուր առմամբ, երկրին մէջ նշանակումներ եղած են 34 նահանգներու ոստիկանական վարչութիւններու մէջ:
Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւնները քննող 14-րդ դատարանին մէջ Հոկտեմբեր 10-ին կայացած Տինքի սպանութեան դատական նիստին առաջին անգամ ներկայ գտնուած է սպանութեան գործի կասկածեալ Էնկին Տինչը: Մինչեւ պաշտպանական ելոյթը սկսիլը Էնկին Տինչը նշած էր, որ կը ցաւի Հրանդ Տինքի սպանութեան համար: Գործի ծիրէն ներս «պաշտօնէական դիրքի չարաշահման» մեղադրանքով Տինչին կը սպառնայ 15-22 տարուայ ազատազրկում: