Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծարում Տիար Գուրգէն Պէրքսանլարի՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանի եւ կոնդակի արժանանալուն առիթով

Սփիւռքահայ իրականութենէն ներս մեծապէս գովելի է կամաւոր աշխատանքը, նիւթական եւ բարոյական ներդրումը։ Տալու եւ նուիրուելու անշահախնդիր ոգին տասնամեակներ շարունակ սփիւռքը պահած է կենսունակ։ Մեր հայրենակիցներուն ջանասիրութեան եւ ամբողջական նուիրումին շնորհիւ սփիւռքի զարկերակը կը շարունակէ բաբախել։

Այդ հայորդիներէն մէկն է Տիար Գուրգէն Պէրքսանլար, որ Կիրակի, Հոկտեմբեր 9-ին, Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին արժանացաւ։ Ան ներկայիս ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու եւ Պոլսահայ միութեան գործունեայ անդամ է Լոս Անճելըսի մէջ, տարիներով ծառայելով որպէս ատենապետ։ Տիպար ամուսին, օրինակելի հայր, որ ընտանեկան հայաբոյր մթնոլորտի մէջ, Խաղաղականի այս ափին անձնական ասպարէզին կողքին կը շարունակէ նուիրուածութեամբ իր բաժինը բերել այդ կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն։

***

Կազմակերպութեամբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու Համախմբումին, այս առիթով Առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ուր ներկայ էին աւելի քան 150 հրաւիրեալներ, որոնց շարքին ՀԲԸՄ-ի փոխնախագահ Տիար Սինան Սինանեան, ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ, ազնուափայլ Տիկ. Թալին Եագուպեան, ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Արամ Ակինեան, ՀԲԸՄ-ի, Պոլսահայ եւ այլ միութիւններու պատասխանատուներ, Հոգեւոր Հայրեր, ինչպէս նաեւ ընտանեկան պարագաներ եւ հարազատներ։

Շնորհաւորական եւ սրտի անկեղծ խօսքեր արտասանեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսէթի՝ ձայնագրուած տեսերիզի վրայ, Առաջնորդ Յովնան Սրբազան, ՀԲԸՄ-ի փոխ նախագահ Տիար Սինան Սինանեան, մեծարեալին զաւակները՝ Նիքօլ եւ Նշան, մանկութեան ընկերը՝ Հերման Կուլտակ, Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, Տիկ. Սթելլա Մալոյեան, Ասպետներու ատենապետ Տիար Արամ Ակինեան։

Հանդիսավար Տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան հանդիսաւորապէս վարեց ցերեկոյթը։ Ան՝ մէկ հիւմըրով, մէկ՝ լրջութեամբ յաջողապէս իրարու շաղկապեց բոլոր ելոյթ ունեցողները։ Նախ՝ ծաղկեփունջով մը պատուել տուաւ Տիկ. Թալին Պէրքսանլարը, նշելով, որ «Թալինը հանդիսացած է ընտանիքին շաղախը, միշտ եղած է եւ է՛ թիկունք իր ամուսինին՝ Գուրգէնին»:

Տոքթ. Եաղսըզեան այսպէս ներկայացուց Գուրգէն Պէրքսանլարը.

«Գուրգէն իր ուսանողական շրջանին եղած է վարչական անդամ եւ ատենապետը University of Delaware-ի Student Union-ին՝ աշակերտական  խորհուրդին։

Լոս Անճելըս գալէն ետք եղած է անդամ եւ փոխատենապետը Armenian Alumni Association-ի՝ ծառայելով անոր զանազան յանձնախումբերուն մէջ։

Ան ծառայած է Պոլսահայ միութեան ամենատարբեր մարմիններու մէջ՝ ունենալով մեծ ներդրում միութեան կազմաւորման եւ աճին, ստանձնելով ատենապետի եւ փոխ ատենապետի պարտականութիւնները։

Պէրքսանլար ծառայած է ՀԲԸՄ-ի վարչական տարբեր մարմիններու մէջ, իսկ վերջին 15 տարիներուն աւելի կեդրոնացած է Ասպետներու Համախմբումին աշխատանքներուն վրայ եւ հոն տեսած է ազգին ծառայելու միջոցը։ 

Գուրգէնին ատենապետութեան շրջանին շարունակուեցան Ասպետներուն ծրագիրները՝ ամենամեայ երեկոները մտաւորականութեան հետ։ Հրաւիրուեցան հիւր քաղաքագէտներ, դիւանագէտներ, պատմաբաններ եւ լրագրողներ: Ասպետները ունեցան իրենց նշանը՝ logo-ն: ՀԲԸՄ-ի զոյգ վարժարաններէն ներս հաստատուեցան ABGU Spirit Award-ներ:

Այստեղ, սակայն, պէտք է առանձնացնենք Evening with a scholar, «Հանդիպում մտաւորականի մը հետ» աւանդութիւն դարձած դասախօսական շարքը, ուր այլոց կարգին, Գուրգէնին հետեւողական ջանքերով կարելի եղաւ ապահովել ներկայութիւնը ծանօթ պատմաբան Թանէր Աքչամի, քաղաքական գործիչ, Ցեղասպանութեան ”We apologize”-ի ստորագրահաւաքի կազմակերպիչներէն՝ Ճէնկիզ Աքթարի եւ վերջապէս՝ թուրք ջարդարար Ճէմալ փաշայի թոռնիկին՝ լրագրող Հասան Ճէմալի, որ հրապարակային հայանպաստ արտայայտութիւններով ընդունեց ու ճանչցաւ իր մեծ հօր եւ թուրք պետութեան կատարած Ցեղասպանութիւնը»:

***

Տիար Սինանեան բարեկամական իր սրտի խօսքին կողքին ընթերցեց ՀԲԸՄ-ի նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորական նամակը։ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան կատակախառն իր ինքնուրոյն ոճով յարգանք պարտադրել տուաւ հանդէպ օրուան մեծարեալին եւ տիկնոջ՝ Գուրգէն եւ Թալին Պէրքսանլարներուն։ Տիար Հերման Կուլտակ եւ Նիքօլ եւ Նշան Պէրքսանլարներ իսկական ընկերն ու սիրառատ հայրը ներկայացուցին, իսկ Տիկ. Սթելլա Մալոյեան եւ Ասպետներու ատենապետ Տիար Արամ Ակինեան՝ Պէրքսանլար մարդը, բարեկամը, գործընկերը բարձրացուցին։ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան անդրադառնալէ ետք ՀԲԸՄ-ի դերին եւ արժէքին, օրուան մեծարեալին մէջ տեսաւ եւ խտացուց Ծառայութիւն բառը. թէ՝ հոգեւոր արժէքներն են մնայուն, իսկ նիւթականը գնայուն է։

Բնականաբար, Գուրգէն Պէրքսանլար խիստ յուզուած եւ շոյուած էր իրեն ի պատիւ եղած արտայայտութիւններէն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ՀԲԸՄ-ին, Հայ Համալսարանաւարտներու միութեան, Պոլսահայ միութեան, Մխիթարեան սանուց միութեան, Առաջնորդարանէն ներս տարբեր յանձնախումբերու,  եւ բոլոր այն մարմիններուն, որոնց հետ գործակցած է անցեալին կամ այսօր։

Վերջապէս՝ շնորհակալութեան մեծ բաժին մը ՀԲԸՄ-ին եւ անոր Ասպետներու Համախմբումին։ Ան շնորհակալական իր անկեղծ արտայայտութիւնները յայտնեց նաեւ ընտանեկան պարագաներուն եւ ներկաներուն, որոնք իրենց բաժինը ունեցած էին պատուելու եւ մեծարելու զինք։

Տիար Գուրգէն Պէրքսանլարին կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ արեւշատ օրեր, շարունակելու համար ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցիին հանդէպ իր մեծ սէրն ու նուիրումը։

 

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ