Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Բազմաբնոյթ մեկնաբանութիւններ հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծին մասին. Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան

Այս խորագրով մեր ակնարկին նիւթը հասկնալիօրէն կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան մօտիկ դիրքաւորուած Ֆրանսայի ներկայ կառավարութեան եւ այդ երկրին արժանաւոր նախագահ Ֆրանսուա Օլանտին, որոնք մեզի համար էական սեպուած այս հիմնահարցը արծարծած էին բազմաթիւ ամիսներ առաջ։

Արդարեւ, անոնց առաջին փորձը այն ժամանակ հայերուս համար անընդունելի պատճառով մը, սկզբնական փոքր յաջողութիւններէ ետք յանգեցաւ անսպասելի ձախողութեան, բախելով երկրին ամենազօր Սահմանադրական Ատեանին բացորոշ ընդդիմութեան։

Այդ անարդար կեցուածքը, առաւելաբար սփիւռքահայերուս համար, յարաճուն դժգոհութիւն յառաջացնող զարմացումի տեղի տուած եղաւ։ Բացատրե՛նք. այդ Ատեանին վճիռը հիմնուած էր արտայայտութեան ազատութեան կաշկանդումի ծիծաղելի պատրուակին վրայ։ Գոնէ մենք՝ հայերս չենք կրնար աներեւակայելի մտածումն ունեցած ըլլալ, իբրեւ խորապէս տառապակոծ ժողովուրդ հաստատելու թէ՝ հայոց Ցեղասպանութիւնն ուժգնօրէն դատապարտելու մեր արի կեցուածքով, միաժամանակ խօսքի՝ ազատութեան իրաւունքը չարաշահած պիտի ըլլայինք…։

Այսուամենայնիւ, այն դժբախտ օրերուն, ա՛յդ էր այդ գերագոյն մարմնոյն, իմա՛ Ֆրանսայի պաշտօնական դիրքաւորումը մեր սիրտն ու միտքը անդադար չարչրկող այս հիմնահարցին հանդէպ։

Այդ ձախորդ օրերուն, հայերուս մէջ պակաս չեղան անձեր, որոնց մէջ նո՛յնիսկ փորձառու քաղաքագէտներ, խմբագիրներ ու լրագրողներ, որոնք չվարանեցան իրենց ընդվզումը բարձրաղաղակել ինքզինք Հայաստանի պաշտպան ցոյց տուող Ֆրանսայի դէմ։

Մենք նախընտրեցինք լուռ մնալ այդ վհատիչ օրերուն։ Լռեցինք, որովհետեւ իմաստութիւնն ունեցանք հետեւցնելու թէ՝ պատահածը լոկ ֆրանսական հաստատութեան մը – որքա՜ն ալ մեծ սեպուի ատիկա – մէկ սխալ քայլն էր. որոշողները մարդիկ էին եւ մարդիկ կրնան սխալիլ, քանի որ սխալիլը մարդկային է։

Այն ժամանակ մենք պահեցինք մեր հաւատքը՝ Ֆրանսայի այժմու նախագահին նկատմամբ, յուսալով որ ան պիտի փորձէր հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող երկրորդ օրինագիծ մը ներկայացնել։

Եւ այդպէս ալ եղաւ։

Հիմա որ դա՛րձեալ կը գրենք, որովհետեւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը, որ երկրին օրէնսդիր իշխանութեան երկու մարմիններէն մէկն է, իւրացուցած է նոր օրինագիծը։ Եւ ի՞նչպէս. միաձայնութեա՛մբ։ Այս միաձայնութիւնը լոկ բառ մէ չէ զոր լսեցինք եւ վաղը կրնանք մոռնալ. անիկա համազօր է ֆրանսացի ժողովուրդին եւ անոր հայասէր նախագահին անայլայլ աջակցութեանը՝ մեր Ազգային Դատին նկատմամբ։

Հայերս, թէեւ երախտապարտ ժողովուրդ ենք, բայց յաճախ մեր իրաւասութեանց արտօնածէն աւելին կ՛ակնկալենք, ինչ որ թէեւ մարդկային բնական հակում մըն է, բայց կրնայ միեւնոյն ժամանակ մեզ յուսախաբութեան սայթաքեցնել։

Արդարեւ, թերուս մէկը փութկոտութիւնը կ՛ունենայ հետեւութիւններ երեւակայելու եւ կանխահասօրէն եզրակացնելու։ Արդարեւ, Ազգային Ժողովին վերոյիշեալ որոշումը առաջին քայլն է միայն մեր յաջողութեանց. երկրորդ քայլը պիտի ըլլայ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ, որ իր կարգին հարցը քննելէ ետք, միեւնոյն որոշումը պէտք է տայ։ Ատիկա թերեւս առաջինին նման հեշտօրէն կրնանք չստանալ։ Եթէ յաջողինք, օրինագիծը այնուհետեւ դարձեալ պիտի ներկայացուի Ազգային Ժողովին, Ծերակոյտին ընդունումը հաստատելու մտահոգութեամբ։ Անկէ ետքն է միայն որ օրինագիծը, երկրին նախագահին ստորագրութեամբ, օրինական կրնայ նկատուիլ, եթէ նոր բարդութիւն մը յեղակարծօրէն երեւան չելլէ…։

Ի դէպ՝ թիւրիմացութիւն մը կրնայ ծագիլ ոմանց միտքին մէջ։ Փարատելու համար զայն բացատրենք, որ այս երկու օրինագիծներն ալ, հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչութիւն ունենալով հանդերձ, անկէ անկախաբար ալ իրենց գոյութիւնը կը պահեն են կ՚արդարացնեն. անոնք կը վերաբերին առանձնաբար ժխտումի քրէականացումին։ Հետեւաբար, երկիր մը որ հայոց Ցեղասպանութիւնը կ՚ընդունի, այդ ընդունումը չի նշանակեր որ այս քրէականացումն ալ ընդունած կ՚ըլլայ։ Հասկնալի է, սակայն որ տրամաբանականօրէն միմիայն հայոց ցեղասպանութիւնն ընդունող երկիրները կրնան քրէականացումի գործողութիւններուն ձեռնարկել։

Հոս կարելի է ներկայացնել այլ բնոյթով մեկնաբանութիւն մը, ըստ որուն թէեւ սկզբունքային տեսանկիւնէն քրէականացումը ընդունելի կը նկատուի, բայց առարկութիւն կը յայտնուի տնօրինուած պատիժներուն սաստկութեան վերաբերմամբ։

Առանց մանրամասնելու, լոկ ցայտուն օրինակով խօսինք. այս երկրորդ օրինագիծը խախտողներուն պատիժ սահմանուած է կա՛մ մէկ տարուան ազատազրկում (այսինքն՝ կանոնաւոր բանտարկութիւն) կամ ալ 45,000 եւրոյի չափով տուգանք։

Արդ, այս պատիժները, իրենց յստակօրէն ներկայացման կերպով, չափազանցեալ կը նկատուին ոմանց կողմէ, որովհետեւ յանցապարտ անձը կրնայ բազմատեսակ մեղմացուցիչ պարագաներ ունենալ եւ ի վիճակի կրնայ ըլլալ արժեցնելու զանոնք։

Հետեւաբար, անկասկած, աւելի երանգաւորուած – հոգ չէ թէ աւելի բարդ – բազմախորհուրդ պատիժներու սահմանումի պահանջ կարելի է տեսնել, եթէ ոչ միշտ, գոնէ երբեմն, արդարօրէն շարժելու մտասեւեռումով։

Իբրեւ եզրակացութիւն, ահա թէ ի՞նչ լուծում կ՚առաջարկուի. կա՛մ յիշուած սաստիկ խիստ պատիժները պէտք է մեղմացնել եւ կամ խստագոյն պատիժները պահելով հանդերձ – զոր օրինակ այն պարագային երբ յանցապարտը կաշառուած կ՚ըլլայ հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու համար, – եւ անոնց վրայ աւելցնելով պատժամիջոցներ, հաստատուած մեղմացուցիչ պարագաներու նկատողութեամբ։

Դատելու եղանակին (jurisprudence) մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան լոյսին տակ, անհամապատասխան պատիժները ընդհանրապէս տրուած կ՚ըլլան ծայրայեղ զգացականութենէ տարուած, յետոյ յեղակարծօրէն կը դժուարանան զանոնք գործադրելու։

Գիտենք որ կա՛յ ծանօթ առարկութիւն մը, ըստ որուն պատիժները առաւելագոյն խստութեամբ դրուած կ՚ըլլան, որպէսզի հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող բացարձակապէս մէկը չգտնուի…։

Այո՛, կ՚ընդունինք որ այս առարկութիւնը ուժեղ կը հնչէ։

Երբեմն, սակայն, ամէն ուժեղ հնչող առարկութիւն չէ որ կը գոյատեւէ։

Եւ անշուշտ մտահան ընելու չէ այն ուշագրաւ իրողութիւնը, թէ՝ դեռ կանխահաս է լաւատես ըլլալու. զգուշաւոր լաւատեսութեամբ աւելի յոյս եւ կարելիութիւն կ՚ունենանք յաջողելու։

 

Պոստոն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ