Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

ԻՊ առաջնորդ Պաղտատաին Թուրքիան գրաւելու կոչ ըրած է իր հետեւորդներուն

Ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ղեկավար Ապու Պաքր ալ-Պաղտատին կոչ ըրած է իր հետեւորդներուն գրաւել Թուրքիան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Reuters» գործակալութիւնը: ԻՊ կողմնակիցները 3 նոյեմբերին տարածեր են 31 վայրկեան տեւողութեամբ ձայնագրութիւն, որու իսկութիւնը չէ ճշդուած: Ձայնագրութիւնը իրաքեան կառավարական ուժերու կողմէ Մոսուլի ազատագրման գործողութիւնները սկսելէ ետք կը նկատուի Պաղտատիի առաջին ուղերձը:

«Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման առաջնորդը կոչ արած է ԻՊ զինեալներուն «իրենց զայրոյթի կրակը բանալ» թրքական զօրքերու նկատմամբ` պայքարելով անոնց դէմ Սուրիոյ մէջ եւ այդ կռիւը տեղափոխել Թուրքիա: «Այսօր Թուրքիան մուտք գործած է ձեր գործողութիւններու եւ ձեր ճիհատի նպատակի շրջանակ: Գրաւեցէք այն եւ անոր անվտանգութիւնը վերածեցէք վախի»,- կ’ըսէ Պաղտատին ձայնագրութեան մէջ:

Պաղտատին համոզմունք յայտնած է, որ Մոսուլի համար պայքարին յաղթանակը իրենցն է: Ուղերձի մէջ ԻՊ առաջնորդը դիմած է մահապարտներուն` կոչ ընելով «անհաւատներու գիշերները դարձնել ցերեկ, անոնց երկրին մէջ առաջացնել քաոս եւ անոնց արիւնը հոսեցնել գետի պէս»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ