Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւն. Խաչիկ Ճանոյեան

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

                                                «Տէր Աստուած փառքը քեզ,

                                                Քո լոյսով ուժ տուր մեզ,

                                                Օգնիր, որ զօրանանք,

                                                Հզօր Հայաստան դառնանք»:

 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէվըրլի Հիլզի Hilton Ball Room շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի շատ ճոխ եւ տպաւորիչ պաշտօնական եզրափակիչ ձեռնարկ:

Արդարեւ, Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 2016-ի օրերուն՝ Հայաստանի  Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան հովանաւորութեամբ, նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ բազմաթիւ ձեռնարկներ տեղի ունեցան քաղաքին մէջ, նշելով մեր յաւիտենական հայրենիքի վերընձիւղման եւ վերանկախացման 25-ամեակը:

Ձեռնարկին ներկայ էին համայնքիս հոգեւոր եւ աշխարհիկ հաստատութեանց ղեկավարներ, պետական եւ դիւանագիտական գործիչներ եւ բարերարներու, հասարակական գործիչներու հոծ բազմութիւն:

Հանդիսավարն էր Fox հեռուստակայանի (11 կայանի) համակրելի հանդիսավար՝ Արաքսիա Կարապետեան: Անգլերէնով խօսք առաւ Գլխաւոր Հիւպատոսը՝ Սերգէյ Սարգիսով, որ յուզումնալից յիշեց Անկախութեան Օրը, քանի որ այդ օրը ոչ միայն մեր ժողովուրդի Անկախութեան օրն էր, այլ իրեն համար մասնաւոր նշանակութիւն ունի, քանի որ ճիշդ այդ օր՝ Սեպտեմբեր 21, 1991-ին ծնած էր դուստրը, որ ներկայ էր այդ հանդիսութեան: Ապա, գլխաւոր հիւպատոսը բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ողջունեց ներկաները եւ յաւուր պատշաճի սրտի խօսքէն ետք, շնորհաւորեց ողջ հայութիւնը այս մեծ օրուան առիթով:

Ներկայ եղող քաղաքական գործիչներու սրտի խօսքերէն եւ հռչակագիրներու յանձնումէն ետք, անգլերէնով խօսք առաւ Գլխաւոր Հիւպատոսի տեղակալ՝ Լոս Անճելըսի հայութեան բոլոր խաւերուն եւ միաւորներուն սէրն ու յարգանքը վայելող, հմուտ դիւանագէտ՝ Վալերի Մկրտումեան: Ան իր սրտի խօսքէն ետք, փոխանցեց Հայաստանի վարչապետ՝ Կարէն Կարապետեանի շնորհաւորական խօսքն ու կոչը, որ արտասահմանեան հայերը եւ ոչ հայերը Հայաստան գան եւ հոն իրենց ներդրումները ընեն, քանի որ կառավարութիւնը պատրաստ է ամէն դիւրութիւն տալու, որպէսզի անոնք շահաւէտ գործառնութիւն ունենան:

Պրն. Վալերի Մկրտումեանի սրտաշարժ խօսքը արժանացաւ ներկաներու երկարատեւ ու ջերմ ծափահարութեան:

Այդ օր, ազգային եւ հայրենասիրական երգերով սրահը թնդացուց Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը, ընկերակցութեամբ, Լոս Անճելըսի սիմֆոնիկ նուագախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Մաէսթրօ Միքայէլ Աւետիսեանի:

Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ 25-ամեակի կարկանդակի հատումը:

Ժողովուրդը անխառն ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ բաժնուեցաւ սրահէն, մաղթելով, որ մեր հայրենիքը յաւիտեան անսասան եւ անփորձանք օրեր ունենայ:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ