Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Երազի մը իրականացումը. Գէորգ Քէօշկէրեան

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇՔԷՐԵԱՆ

 

2013-ին, 13 անդամներէ բաղկացած խումբ մը՝ (տեսնել նկարը) գլխաւորութեամբ գաղութիս յայտնի մտաւորական Յարութ Տէր Դաւիթեանի, յաջողեցան մագլցիլ 5,165 մեթր (16,854 ոտք) բարձրութիւն ունեցող Արարատ լեռան գագաթը։ Հետաքրքրական է գիտնալ, որ գրանցուած է, որ վիթխարի այս լեռը առաջին անգամ ըլլալով մագլցած էր հայրենի գրող Խաչատուր Աբովեան, 1829 թուականին։

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլէնտէյլ-Փասատինա Մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ վաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, որուն խորագիրն էր՝ «Առաքելութիւն դէպի Արարատի կատարը եւ ուխտագնացութիւն դէպի Անի եւ Ախթամար»։

Վաւերագրական այս ժապաւէնը ներկայացուց «Երազ խումբի» առաջնորդ Յարութ Տէր Դաւիթեան, Կիրակի 23 Հոկտեմբեր 2016-ի յետ միջօրէի ժամը 5:00-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան Կեդրոնի սրահին մէջ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամներէն Գէորգ Քէօշկէրեան։ Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա ներկայացուց օրուայ բանախօսը, Յարութ Տէր Դաւիթեան։

Յարութ ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։ Ան վկայուած է Հայկազեան համալսարանի Պատմագիտութեան ճիւղէն։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ, ապահովագրական ասպարէզէն ներս իր ժամանակաւոր մուտքը դարձած է մշտական, զինք հասցնելով Սէուտական Արաբիա եւ Միացեալ նահանգներ։

Յարութ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր կը ծառայէ մեծն Լոս Անճելըսի հայ մշակութային եւ մարզական միութեանց, եկեղեցական եւ դպրոցական մարմիններու՝ որպէս վարչական անդամ, այցելու ուսուցիչ, ծխական խորհուրդի անդամ, հոգաբարձու եւ այլն։

«Երազ խումբը» իր առաքելութիւնը սկսած էր Երեւանէն եւ Վրաստանի վրայով անցած Թուրքիա։ Անոնք Վրաստանի մէջ ալցելած են Վահան Տէրեանի տուն-թանգարանը եւ Յովհաննէս Թումանեանի Թմկաբերդը։ Խումբի անդամները եկած էին Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Հոլանտայէն։

Խումբին անդամներէն վեցը 50 տարեկանէն վեր էին, իսկ եօթն՝ 30 տարեկանէն վար։ Անոնց մէջ կային երկու հայր եւ երկու զաւակ, նաեւ արհեստավարժ լեռնագնաց մը՝ որ մագլցած էր Թանզանիոյ 19,341 ոտք բարձրութիւն ունեցող Քիլիմանճարօ լեռան գագաթը։ Սա Ափրիկէի ամենաբարձր լեռն է։

Խումբը նախ այցելած է Ախուրեան գետի ափին գտնուող պատմական Անի քաղաքը, որու եկեղեցիները դժբախտաբար կը գտնուին քարուքանդ վիճակի մէջ։ Բարեբախտաբար սակայն, UNESCO-ն որոշած է նորոգել երեք եկեղեցիներ։

Հուսկ ապա խումբը մեկնած է Պայազիտ քաղաքը, որ կը գտնուի Արարատի փէշերուն։ Հոն՝ լեռնագնացութեան համար իրենց միացած են Գերմանիայէն, Իտալիայէն եւ Սպանիայէն եօթը այլ անդամներ։ Ուրեմն, դժուարին այդ առաքելեւթիւնը տեւած է չորս օր, երկուքուկէս օր մագլցելու եւ մէկուկէս օր՝ իջնելու համար։

Անխառն ուրախութեամբ լեցուած են բոլորը, երբ վերջապէս հասած են Արարատի գագաթը եւ բարձրացուցած հայկական դրօշը… Առաւել՝ Յարութ Տէր Դաւիթեան փոս մը փորելով, թաղած է իր մեծ հօր եւ մեծ մօր նկարը, որոնք նահատակուած ըլլալով ցեղասպանութեան ընթացքին՝ գերեզման չեն ունեցած։ Սա էր իր երազին իրականացումը։

Վանայ լիճն ու Ախթամար կղզին վերջին կայքն էր այս խումբին, որուն միացած են ֆրանսահայ զբօսաշրջիկներու խումբ մըն ալ։ Հոս տեղին է յիշել, որ Վանայ լիճը երեք անգամ աւելի մեծ է քան Սեւանայ լիճը։

Ուրեմն, միացեալ խումբը այցելած է Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, ուր թէեւ Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ անցեալ տարի, սակայն տակաւին ներսի պատերը ճերմակ գոյնով ներկուած են՝ ծածկելու համար հայկական Սուրբ գրային մանրանկարչութիւնը։

Վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցում հարցնելու, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ