Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոյեմբեր 8-ին ընդառաջ…

Սիրելի հայրենակից,

Քանի մը օրէն Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներս պիտի ընտրենք մեր յաջորդ նախագահը, որ առաջին անգամ ըլլալով կրնայ իգական սեռին պատկանիլ։ Եւ կամ՝ ընտրուի անձ մը, որ իր իսկ կուսակիցներուն կողմէ  այնքան ալ մեծ հաւանականութիւն չունենալով հանդերձ, ժողովուրդին կարեւոր մէկ հատուածին քով կը վայելէ հեղինակութիւն։

Եթէ ամիսներ առաջ ընտրութիւնները շահելու մեծ յոյսեր կը փայփայէր Հիլըրի Քլինթըն, միւս կողմէ՝ վիճակագրական վերջին թիւերը ցոյց կու տան քիթ-քիթի ընտրապայքարի մը կարելիութիւնը անոր եւ Տոնալտ Թրամփի միջեւ։

Երեքշաբթի օրուան ընտրութենէն ուղիղ շաբաթ մը առաջ, արդէն 22 միլիոն քաղաքացիներ նախօրօք կատարած են իրենց քուէարկութիւնը՝ չսպասելով Նոյեմբեր 8-ին։ Կը սպասուի թէժ պայքար։

Վերջապէս, այս երկրին երկու ամենահեղինակաւոր եւ ընտրադաշտը գրաւած կուսակցութիւնները՝ Դեմոկրատներն ու Հանրապետականները, իրենք է որ զտելէ ու մաղէ անցընելէ ետք, ընտրեցին իրենց զոյգ թեկնածուները։ Ժողովուրդին կը մնայ ընտրել եւ Սպիտակ Տան մէջ բազմեցնել իգական սեռին պատկանող, քաղաքական հասունութիւն ունեցող եւ ԱՄՆ-ի Առաջին Կին հանդիսացած Հիլըրի Քլինթընը, կամ՝ գործարար-միլիառատէր եւ քաղաքականութեան մէջ նոր ոտք կոխող Տանըլտ Թրամփը։

Այս պահուն, որպէս քաղաքացի եւ հայ, մեր պարտքն է անպայման մասնակցիլ ընտրութիւններուն, որովհետեւ մեր ձայնը մեր ուժն է նաեւ։

Հրաւէր կ՚ուղղենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որպէսզի Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8-ին այցելեն ընտրատեղամասեր եւ կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը։

Երեքշաբթի օր տեղի կ՚ունենան նաեւ բազմաթիւ այլ ընտրութիւններ։ Մեր պարտքն է մեր քուէները տալ մեր հայրենակից թեկնածուներուն, ինչպէս նաեւ հայերուս բարեկամ թեկնածուներուն (վերջին էջին վրայ տեսնել ցանկը մեր թեկնածուներուն)։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ