Անուշաւան եւ Օֆիկ Աբրահամեանները, որոնք ծնունդով Պարսկաստանէն են, հայրենասիրական եւ ազգասիրութեան սքանչելի օրինակնր են մեր ազգային կեանքին մէջ: Անոնք ոչ միայն իրենց երեք դուստրերը 11 տարի հայկական դպրոց ղրկած են, այլ բազմաթիւ ձեւերով եւ աշխատանքներով օգտակար հանդիսացած են ՀԲԸ Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին, իսկ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր անոնք իրենց անունով հիմնադրամ մը հաստատած են: Աբրահամեան ամոլը բազմաթիւ անգամներ այցելած է Հայաստան եւ հոն 9 մարզերու մէջ հիմնովին նորոգած եւ արդիականացուցած են 64 արհեստից դպրոցներ, արհեստանոցներ, կարուձեւի, ձեւաւորումի, վարսայարդարման եւ դիմայարդարման, շինարարութեան, ատաղձագործական, սնունդի եւ սպասարկութեան դպրոցներ:
«Մենք կը փորձենք ապրել համեստ կենցաղով եւ մենք հաճոյք կը ստանանք ոչ թէ շքեղ կեանք ապրելով, այլ մեր փոքր նպաստը բերելով Հայաստանին: Այս գործը պիտի շարունակեն մեր ժառանգորդները, մեր երեք դուստրերուն կտակած եւ պատգամած ենք, սերունդէ սերունդ շարունակել եւ զարգացնել Հայաստանէն ներս ազգօգուտ ծրագիրներ», ըսած է Պր. Անուշաւան Աբրահամեան «Հայերն Այսօր»ին:
Խօսք եւ բառ չունինք հայրենիքին իրենց նպաստը լռիկ-մնջիկ բերող այս օրինակելի ընտանիքի անդամներուն:
Ձեր վարձքը կատար ըլլալ, Աբրահամեաններ: