Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայն մասնաճիւղի հայագիտական ուսմանց Մեղրունի ընտանիքի կողմէ հաստատուած ամպիոնի վարիչ նշանակուեցաւ Փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան:
Յիշենք թէ այս ամպիոնը հաստատուած է այս համալսարանի բարեկամներէն, տոքթորներ Վահէ եւ Արմինէ Մեղրունիներու աջակցութեամբ՝ գոյացած երկու միլիոն տոլարի գումարով:
Փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան Լոնկ Պիչ համալսարանի մէջ Միջին Արեւելքի ուսմանց վարիչն էր: Մասնագիտացած է Իրանի եւ Հայաստանի պատմութեան մէջ:
Ըրվայնի համալսարանի հայագիտական բաժնի ծրագիրը սկսած է 2007-էն ի վեր եւ շնորհիւ համայնքի ծանօթ տիկիններէն՝ Սիլվի Դերձակեանի աշխատանքներուն կարելի եղաւ այս ամպիոնը հաստատել: