Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2023

Շաբաթաթերթ

Array

Անուշաւան Եւ Օֆիկ Աբրահամեան Բարերար Ամոլին Հայրենական Բարեգործութիւնները

Անուշաւան եւ Օֆիկ Աբրահամեանները, որոնք ծնունդով Պարսկաստանէն են, հայրենասիրական եւ ազգասիրութեան սքանչելի օրինակնր են մեր ազգային կեանքին մէջ: Անոնք ոչ միայն իրենց երեք դուստրերը 11 տարի հայկական դպրոց ղրկած են, այլ բազմաթիւ ձեւերով եւ աշխատանքներով օգտակար հանդիսացած են ՀԲԸ Միութեան Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին, իսկ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր անոնք իրենց անունով հիմնադրամ մը հաստատած են: Աբրահամեան ամոլը բազմաթիւ անգամներ այցելած է Հայաստան եւ հոն 9 մարզերու մէջ հիմնովին նորոգած եւ արդիականացուցած են 64  արհեստից դպրոցներ, արհեստանոցներ, կարուձեւի, ձեւաւորումի, վարսայարդարման եւ դիմայարդարման, շինարարութեան, ատաղձագործական, սնունդի եւ սպասարկութեան դպրոցներ:

«Մենք կը փորձենք ապրել համեստ կենցաղով եւ մենք հաճոյք կը ստանանք ոչ թէ շքեղ կեանք ապրելով, այլ մեր փոքր նպաստը բերելով Հայաստանին: Այս գործը պիտի շարունակեն մեր ժառանգորդները, մեր երեք դուստրերուն կտակած եւ պատգամած ենք, սերունդէ սերունդ շարունակել եւ զարգացնել Հայաստանէն ներս ազգօգուտ ծրագիրներ», ըսած է Պր. Անուշաւան Աբրահամեան «Հայերն Այսօր»ին:

Խօսք եւ բառ չունինք հայրենիքին իրենց նպաստը լռիկ-մնջիկ բերող այս օրինակելի ընտանիքի անդամներուն:

 Ձեր վարձքը կատար ըլլալ, Աբրահամեաններ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ