Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկայի առաջին տիկինը՝ Միլենիա, Թրամբի 3-րդ կինն է

Տոնալտ Թրամբի՝ Սպիտակ Տուն հասնելէն ետք, իբր Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ, շատեր կը հարցնեն՝ ո՞վ է Ամերիկայի առաջին տիկինը:

Միլենիա Թրամբ, հռչակաւոր միլիառատէրին կինը` 1996-ին, Ամերիկա ժամանած է Սլովենիայէն, իբր անօրինական գաղթական: Ըստ «Ուաշինկթuն Փոսթ»-ի, աշխատած է իբր նորաձեւութեան «մանըքէն», սակայն  ան սեպտեմբերին, հերքած էր այդ մէկը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ, ըսելով, թէ օրինական ձեւով մուտք գործած է Միացեալ Նահանգներ:

Թրամբի արշաւը հաստատեց նաեւ, որ Միլենիա 27 օգոստոս, 1996-ին այցելութեան անցագրով մտած է Միացեալ Նահանգներ, եւ անկէ 2 ամիս վերջ աշխատանքային արտօնագիր ստացած:

Հետաքրքրական է, որ Թրամբ գաղթականութեան քաղաքականութեան ծայրայեղ ընդդիմադիրներէն մէկն է, Ամերիկայի մէջ: Ան իր ընտրարշաւի մեծ մասը տրամադրած էր խօսելով, որ խիստ քայլեր պէտք է առնուին անօրիանական գաղթականներուն դէմ, խոստանալով հեռացնել այն մարդկանց, որոնք խախտած են գաղթականութեան օրինական պայմանները:

Վերջերս, AP գործակալութիւնը յայտնեց, թէ Միլենիա Թրամբի մասին յայտնուած 20 տարեկան պայմանագրեր եւ հաշուետուութիւններ բացայայտած են, որ ան նախքան աշխատանքի արտօնագիր ստանալը, 7 շաբթուան ընթացքին փոխած է 10 աշխատավայր եւ վաստակած մօտաւորապէս 20 հազար տոլար:

Միլենիա Թրամբ, իր Green card-ը ստացած է մարտ, 2001-ին: Ան դարձած է Ամերիկայի քաղաքացի 2006-ին:

ԱՄՆ  առաջին տիկինը զգոյշ էր ամուսնոյն նախագահական ընտրարշաւին հեռուստացոյցերու հաղորդումներուն ներկայանալէ: Սակայն Ամերիկայի մէջ քուէարկութեան իրաւասու կանանց գրգռելու մեղադրանքներով ամբաստանուած  Թրամբի խոցելի կեցուածքին պատճառով, ստիպուած եղած է  ներկայանալ կարգ մը լրատուամիջոցներէ, պաշտպանելու իր ամուսինը:

Միլենիա  առիթով մը ըսած է, թէ Թրամբ երբեմն տղու նման կը խօսի, մեկնաբանելով, թէ բազմաթիւ տղամարդիկ անպատկառ խօսքեր կ′արտասանեն իրենց անձնական խօսակցութիւններուն ընթացքին:

Թրամբի կինը նշած է նաեւ, թէ ամերիկացի նախագահ Պարաք Օպամայի կնոջ Միշէլ Օպամային հետ համաձայն է, որ կնկայ մը ակամայ մօտենալը բռնաբարութիւն է եւ  շեշտած, որ առանց փաստի որեւէ մէկը ամբաստանելը կարելի չէ:

Յիշեցնենք, որ տարբեր ժամակահատուածներու ընթացքին, Թրամբի կողմէ բռնաբարութեան ենթարկուած 11 կիներու վկայութիւններ հալածեցին զինք, ընտրարշաւի ընթացքին: Այնինչ կտրականպէս հերքեց ան, սպառնալով դատավարութեան ներկայացնել «ստախօս կանանց» անմիջապէս ընտրութիւններէն ետք:

Միլենիա Թրամբի երրորդ կինն է: Անկէ առաջ ան ամուսնացած էր վազքի մարզիկ եւ նորաձեւութիւն ցուցադրող ազգութեամբ Չեխ Իվանա Ծիլինքովի հետ, որմէ ունեցած էր 3 զաւակներ՝ Իվանքա, Տոնալտ եւ Էրիք:  Թրամբ 1993-ին, ամուսնած է դերասանուհի Մառլա Մափլիսի հետ, եւ ունեցած ՝ դուստր մը Թիֆանի անունով, որմէ ետք ամուսնալուծուեցաւ  1999-ին, եւ միացաւ Միլենիային, որմէ ունեցաւ մանչ զաւակ մը ՝ Ուիլիեամ անունով:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ