Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած թուրք մտաւորականի դէմ դատական հայց ներկայացուած է

Թրքական ընդդիմադիր «Özgür Gündem» լրատուական կայքի 9 ներկայացուցիչներու դէմ դատարան հայց ներկայացուած է: Այս մասին կը յայտնէ թրքական իշխանամէտ «Sabah» թերթը, նշելով, որ Պոլսոյ դատախազութիւնը մեղադրական ներկայացուցած է, ուր կայքի գլխաւոր խմբագիր Պիլիր Քայան, ղեկավար կազմէն Քեմալ Սանճըլըն, Ինալ Քըզըլքայան, նախկին խմբագիր Էրէն Քեսքինը, ղեկավար խորհուրդի անդամներ Ասլը Էրտողանը, Պիլկէ Ճոնթէփէն, Ֆիլիզ Քոչալին, Նեճմիյէ Ալփաը եւ Ռակըփ Զարաքոլուն կը մեղադրուին «զինուած ահաբեկչական կազմակարպութեան անդամկցելու», «պետութեան միասնականութիւնը եւ ամբողջականութիւնը խախտելու», «յանցանք գործելու նպատակով հիմնուած կազմակերպութեան անդամակցելու» եւ «ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն ընելու» մէջ:

նշենք, որ թուրք հրատարակիչ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակըփ Զարաքոլուն 2011-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանի կողմէ պարգեւատրուած է Յակոբ Մեղապարտի անուան մետալով` որպէս հրատարակչական մեծ գործունէութիւն ծաւալող անձ, որ նաեւ տասնեակ հատորներ նուիրած է Ազգային գրադարանին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ