Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Գերմանիան Հայաստանին կ’օգնէ ոչնչացնել հին զրահամեքենաները

Գերմանիա 1 միլիոն եւրo պիտի յատկացնէ Հայաստանին, գործածութենէ դուրս բերուած զրահամեքենաներու ոչնչացման համար: Այս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետի տեղակալ Մհեր Իսրայէլեանը եւ Հայաստանի Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլէրը:
Մհեր Իսրայէլեանի համաձայն, «Վստահութեան հիմնադրամ» (Trust Fund) հիմնելու մասին պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է նախորդ շաբաթ, իսկ Մաթիաս Քիսլէր աւելցուցած  է, որ կողմերուն կը մնայ աւարտին հասցնել որոշ թեքնիք հարցեր: Դեսպանը նաեւ նշած է, որ ֆինանսաւորելով այս ծրագիրը, Գերմանիան կ’օգնէ Հայաստանին կատարել Եւրոպայի մէջ սովորական սպառազինութիւններու մասին համաձայնագրով նախատեսուած պարտաւորութիւնները:

Մհեր Իսրայէլեան նշած է, որ հիմնադրամի միջոցներու մէկ մասը պիտի ուղղուի նաեւ ականազերծման աշխատանքներուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ