Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Էրտողան Եւրոմիութեան մինչեւ տարեվերջ պայմանաժամ կու տայ Թուքիոյ անդամակցութիւնը ընդունելու

Երէկ, Եւրամիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ժողով գումարած են, քննարկելու Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւններու կասեցման հարցը՝ յուլիսի ձախող յեղափոխութենէն վերջ Թուրքիոյ ժողովրդավարութենէ երեւելի հեռացումին պատճառաւ: Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի, Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան, Անգարայէն յայտարարծ է, որ մինչեւ տարեվերջ ժամանակ կու տայ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցի վճռման, անկէ ետք, ան պիտի դիմէ ժողովուրդին եւ հանրաքուէի միջոցաւ կայացնէ անդամակցելու իր որոշումը:

Էրտողան իր խօսքն մէջ կրկին զգուշացուցած է Պրուքսէլին, ճշդելու իր դիրքորոշումը Թուրքիոյ անդամակցութեան նկատմամբ: Նոյն բնաբանով, ան քննադատած է Եւրախորհրդարանի նախագահ՝ Մարթին Շուլցի, անոր կողմէ Եւրոմիութեան տնտեսական միջոցառումներ ձեռնարկելու իրաւունքի մասին եղած յայտարարութեան, որ ընկալած է որպէս Թուրքիոյ վրայ պատժամիջոցներ բանեցնելու սպառնալիք:

Նշենք, որ թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները պաշտօնապէս սկսած են՝ 2005-ին, սակայն քանի մը ամիսէ ի վեր կասեցուած են:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ