Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

«Մահապատիժի վերկանգնումը մեր ժողովուրդին պահանջն է: Մենք չենք կրնար մերժել այդ պահանջը». Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան հերթական անգամ խօած է իր երկրի մէջ մահապատիժի վերականգնման անհրաժեշտութեան մասին, յայտարարելով, թէ այդ մէկը թուրք ժողովուրդի պահանջն է: Այս մասին տեղեկացուցած է թրքական «Հուրիէթ» պարբերականը: «Այդ մեր ժողովուրդին պահանջն է: Մենք չենք կրնար մերժել այդ պահանջը: Ժողովուրդին այս պահանջը պիտի ներկայացուի մեճլիս: Մահապատիժը կը գործէ աշխարհի երկիրներու ոչ թէ փոքր, այլ մեծ մասին մէջ»,- ըսած է Էրտողան: Ան ներկայացուցած է վերջերս Պելառուսիա կատարած այցը նշելով, որ այնտեղ նոյնպէս կը գործէ մահապատիժը: Էրտողան յայտնած է, որ Պելառուսիոյ նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է մահապատիժի առկայութեան առնչությամբ` աւելցնելով, որ թէ′ ժողովուրդը գոհ է, թէ′ յանցաւորութեան մակարդակը նուազած է: «Անշուշտ Արեւմուտքը Պելառուսիոյ նախագահը բռնապետ կը կոչէ: Սակայն ո՞վ ժողովրդավար է: Նայեցէ’ք Միացեալ Նահանգներուն: Իրենց ուզած մարդը չընտրուեցաւ նախագահ, յարձակեցան Թրամփին վրան»,- ըսած է Էրտողան: Եւրամիութեան անդամ շատ երկիրներու ներկայացուցիչներ բազմիցս յորդորած են Թուրքիոյ  հրաժարիլ մահապաիժի վերականգնման միտքէն, յայտնելով, որ այդ քայլը Թուրքիա-ԵՄ բանակցային գործընթացին վերջ կու տայ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ