Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ Փորթուկալեան հեռատեսիլի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Թրամփէն եծ ակնկալիքներ չունինք, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու վարչակարգը միայն նախագահով չի սահմանափակուիր, այլ կախուած է այս վարչակարգին մէջ ընդգրկուող տարբեր ոյժերէ, որոնք ճնշում կը բանեցնեն նախագահին վրայ, հետեւաբար պէտք է սպասենք երկու ամիս, մինչեւ նշուած վարչակարգէն ներս անոր պաշտօն ստանձնելն ու իր պարտականութեանց կատարման նախաձեռնելը՝ որպէս նախագահ: Սակայն մենք միշտ յայտնած ենք, թէ յոյսով ենք, որ Միացեալ Նահանգներ չէզոք դիրքորոշում կ’որդեգրէ եւ յարգելով միջազգային օրէնքը միջամուխ չ’ըլլար աշխարհի այլ պետութեանց ներքին քաղաքական հարցերուն, եւ անշուշտ կը դադրի Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելէ»: Այս մասին տեղեկութիւն ստացած ենք «Սանա» լրատուական գործակալութենէն:
Ասատ յայտնած է նաեւ, որ Սորիոյ մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն դէմ ուղղուած պայքարը ոչ միայն երկրի կամ տեղացի ժողովորդի շահերէն կը բխի, այլ նաեւ կը հետապնդէ Միջին Արեւելքի եւ անգամ Եւրոպայի շահերը, ինչը չեն նկատեր ու ընկալեր արեւմուտքի ղեկավարները: