Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորն ու կուսակիցները հանդիպած են ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին հետ

15 նոյեմբերին, ՄԱԿի յատուկ զեկուցող Տէյվիտ Քայէ այցելած է Թուրքիա եւ հանդիպում ունեցած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներու հետ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան։

Հանդիպման առաջնահերթ նիւթը եղած է քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահներուն եւ մաս մը պատգամաւորներու ձերբակալութեան հարցը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներու մէջ տեղի ունեցող ապօրինութիւններուն: Քայէ անդրադարձած է նաեւ կալանքի տակ գտնուողներու դէմ բանեցուած բռնութիւններուն եւ այլ ոտնձգութիւններու։

Փայլան եւ միւս պատգամաւորները, իրենց կարգին, մանրամասն զեկուցում տուած են ձերբակալութեանց եւ մարդկային իրաւանց այլ խախտումներու մասին։

Նշենք, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը իր ձերբակալուած պատգամաւորներուն դէմ ոտնձգութիւններու գործը ուսումնասիրելու համար, ՄԱԿի պաշտօնատարներուն կոչ ըրած էր անյապաղ այցելելու Թուրքիա:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ