Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան հաղորդագրութիւն

ՌԱԿ Խստիւ կը Դատապարտէ Թրքական Պետութեան Բռնարարքները

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս խստիւ կը դատապարտէ այն ինչ որ կը կատարուի օրերս Թուրքիոյ մէջ:

Անցեալ դարասկիզբի Ապրիլ 24ի նախօրէն յիշեցնող արարքով, Օսմանեան թուրքին լիիրաւ ժառանգը հանդիսացող ներկայի թուրքիոյ պետութիւնը հաւատարիմ իր պապերէն ժառանգած «մշակոյթին» ընտրեալ քաղաքապետներ եւ երեսփոխաններ, ակադեմականներ, գրողներ, լեզուաբաններ, այլախոհ մարդիկ մէկիկ-մէկիկ բանտ կ՚առաջնորդէ:

Ան այս մարդկային իրաւունքներու դէմ իր կատարած բռնարարքը կ’արդարացնէ զանազան ամբաստանութիւններով՝ իր ձերբակալած քաղաքացիները կամ ընդիմադիր (HDP-ԺԺԿ) կուսակցութեան ղեկավարներն ու երեսփոխանները մեղադրելով մերթ պետական յեղաշրջումի մասնակցութեամբ, մերթ ալ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած ու ահաբեկչական յայտարարուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (ՔԲԿ-PKK) աջակցելու յանցանքով, անտեսելով նոյնիսկ այս ուղղութեամբ Եւրոմիութեան քննադատութիւնները իր իսկ նախագահին բերնով յայտարարելով, թէ իրեն համար կարեւոր չէ Արեւմուտքի ըսածը…:

Ի տես այս չափազանց վտանգաւոր երեւոյթին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս, որպէս ներկայացուցիչներէն մէկը անցեալ դարասկիզբին ոճրագործ նոյն պետութեան նոյնանման քաղաքականութեան զոհ Հայ ժողովուրդին, կոչ կ’ուղղէ միջազգային ընտանիքին անմիջապէս միջամտել՝ առաջքը առնելու գերիշխանութեան պատրուակով իր իսկ ժողովուրդը բռնարարքներու ենթարկող ոճրագործ պետութեան մը սանձարձակ գործելաոճը, որ ոտքի տակ կ’առնէ հանրային կարծիքը, մարդու իրաւունքներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը:

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան

Ատենադպիր Ատենապետ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ