Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ շրջանի հարեւանութեամբ գտնուող Պոսթան Փաշա շրջանը այսօր մաքրազերծուեցաւ եւ անցաւ Սուրիոյ օրինապահ բանակի վերահսկողութեան տակ: Մինչ կարգ մը աղբիւրներ կը փովխանցեն, որ այդ աւանը ամբողջութեամբ չէ ազատագրուած, Սուրիոյ պետական հեռատեսիլի կայանը հաղորդեց, որ Պոսթան Փաշա շրջանը ամբողջութեամբ անցած է բանակային ուժերու վերահսկողութեան տակ: Աւելի վաղ եւ ըստ կայանին, հազարաւոր քաղաքայիններ խոյս տուած են Հալէպի արեւելեան հատուածներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ահաբեկիչ զինեալներ հեռացած են դէպի Թուրքիա: Կը փոխանցուի նաեւ, որ Սուրիոյ բանակը յաջողած է հասնիլ մինչեւ Հոլիւք անունը կրող ծայրամասային շրջան:
Նշենք, որ Պոսթան Փաշան մաքրելու մարտերը ընթացք առած էին շուրջ ամիս մը առաջ:
Խօսելով ընդդիմադիր զինեալներու մօտ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին՝ լիբանանեան «Ալ ժատիտ» կայանը կը փոխանցէ, որ զինեալ խմբաւորումներուն մօտ կը տիրեն անկումային տրամադրութիւններ: Աղբիւրը, յղում ընելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, յայտնած է, թէ աւելի քան 70 զինեալներ անձնատուր եղած են` Սուրիոյ բանակին Հալէպի արեւելեան «Ալ Քատիսիյէ» շրջանին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Պոսթան Փաշայի՝ ահաբեկիչ զինեալներէ մաքրազերծումով հայկական թաղամասերը պիտի դառնան աւելի ապահով եւ անվտանգ շրջաններ: