Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

ԵԱՀԿ նախարարական Համպուրկի նիստին պիտի քննարկուի ԼՂ-ի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը

ԵԱՀԿ նախարարական խորհուրդի նստաշրջանի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ 8-9 Դեկտեմբերին Համպուրկի մէջ, ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող հարցերուն: Այդ մասին իր ամենշաբաթեայ համառօտագրութեան մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան` աւելցնելով, որ ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյյ Լավրով նախատեսած է մասնակցիլ նիստին: «Նախարարական հանդիպման ընթացքին նախատեսուած է անդրադարձ կատարել ԵԱՀԿ պատասխանատուութեան գօտիէն ներս գտնուող տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն: Մտադիր ենք վերահաստատել ԵԱՀԿ-ի ներդրման կարեւորութիւնը Ուքրանիոյ արեւելեան շրջանի ճգնաժամին կարգաւորման մէջ: Նախարարները պիտի դիտարկեն նաեւ Մերձտնեսթրի, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւններու կարգաւորման հարցերը, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի մէջ անվտանգութեան հարցերով Ժնեւեան քննարկումները»,- ըսած է Զախարովան՝ ըստ ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական կայքին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ