Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Կեներալ-մայոր Անդրանիկ Մակարեան մեկնաբանած է ՀՀ ԶՈՒ եւ ՌԴ ԶՈՒ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Զինուած Ուժերու զօրքերու միացեալ խմբաւորման հրամանատար, կեներալ-մայոր Անդրանիկ Մակարեան «Առաջին լրատուական»ին մեկնաբանած է Հայաստանի  եւ Ռուսիոյ միջեւ 30 Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերու զօրքերու (ուժերու) Միացեալ խմբաւորման մասին» համաձայնագիրը: Այս մասին «Արմէնբրէս»ին տեղեկացուցած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն՝ աւելցնելով, որ կեներալ-մայոր Անդրանիկ Մակարեան նշած է, թէ ստորագրուած փաստաթուղթով Հայաստան եւ Ռուսիա կը պարտաւորուին համատեղ վերլուծել ռազմաքաղաքական իրավիճակը, սահմանել զօրքերու միաւորուած խմբաւորման կազմը, կազմակերպել խմբաւորման ղեկավարումն ու կիրառումը, համատեղ լուծել միացեալ հրամանատարութեան ստեղծման հետ կապուած հարցերը, ապահովել զօրքերու, հետախուզութեան, զէնքի կառավարման, նիւթատեխնիկական պազայի միասնականութեան, կառավարման միացեալ համակարգի ստեղծման, ինչպէս նաեւ օփերաթիւ-մարտավարական խնդիրներու համատեղ իրականացումը: Կեներալ-մայոր Անդրանիկ Մակարեան ընդգծած է նաեւ, որ Միացեալ զօրախումբը սահմանուած պատասխանատուութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է հակազդելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ ուղղուած թշնամական, երկու պետութիւններու բնակչութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ