Թունճելիի նահանգապետ Օսման Քայմաք որոշում հրապարակած է քանդել տալ ծայրայեղ ձախակողմեան TIKKO կազմակերպութեան ղեկավարներէն Արմենակ Պաքըրի (Պաքըրճեան) յուշադամբանը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ թրքական ENPOLITIK կայքը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Տերսիմի (Թունճելի) Նազըմիյէ գաւառակին մէջ կառուցուած մեծ ջրամբարի եզրին գտնուող խնդրոյ առարկայ յուշադամբանին վրայ գրուած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը կ՚անիծենք: Կը յիշենք Արմենակ Պաքըրճեանը եւ Հրանդը: 100-ամեակին՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը դեռ կը շարունակուի» արձանագրութիւնները:
Յուշադամբանին բացումը կատարուած էր 26 Ապրիլ 2016-ին. բացման արարողութեան մասնակցած էին Յունաստանէն եւ Ֆրանսայէն Սփիւռքահայեր:
Արմենակ Պաքըր 13 Մայիս 1980-ին Էլազըղի մէջ, զինուորական ոստիկանութեան հետ բախումներու ընթացքին սպաննուած է: