Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարան Նախակրթարանի Սուրբ Ծննդեան Բացառիկ Հանդէսը

Դեկտեմբեր 6-ին եւ 8-ին՝ դպրոցին սրահին մէջ եւ ամսուն 9-ին՝ Առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ երեք ցուցադրութիւններու արժանացաւ ՀԲԸՄ Մանուկեան- Տեմիրճեան վարժարանի Նախակրթարանի Սուրբ Ծննդեան յայտագիրը, որ ներկայացուցին Մանկապարտէզի, 5-րդ դասարանի, նախակրթարանի երգչախումբի եւ պարի դասարանի աշակերտները: Դեկտեմբեր 6-ինը աշակերտական էր, իսկ ամսուն 8-ին՝ դարձեալ վարժարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 9-էն 10-ը, ծնողները վայելքի ժամ մը ապրեցան, դիտելով իրենց զաւակներուն թատերական պատկերները, երգը, պարը եւ խօսքը:

Բացման խօսքով հանդէս եկան Նախակրթարանի փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Փառիկ Յարթունեան եւ վարժարանի Հայերէնի Բաժանմունքի վարիչ՝ Պրն. Հրաչ Սեփեթճեան:

Բեմականացումը երկու արարէ կը բաղկանար՝ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան աւանդութիւններ, եւ՝  Յիսուսին ծնունդը: Մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին երաժշտախառն թատրոն, օժանդակութեամբ հինգերորդ դասարանցիներուն: Իսկ միւս կողմէ՝ երգչախումբը, ամանորեան եւ Սուրբ Ծննդեան հայերէն եւ անգլերէն երգերով աւելի եւս խանդավառեց մթնոլորտը:

Առաջին արարի տեսարաններն էին՝ Խարուկահանդէս, Տանտիկիններ, Տոս-տոս, Տօնախմբութիւն եւ Բուրդէ թել: Իսկ երկրորդ արարը՝ Ուրախ լուր, Եղիսաբէթ, Մարդահամար, Բեթղեհէմ, Հիվիւներ, Մոգեր, Հրեշտակներ: Ինչպէս նշեցինք, նախակրթարանի երգչախումբով աւարտին հասաւ սքանչելի յայտագիրը:

Փակման շնորհակալական խօսք արտասանեց ազնուափայլ տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեան, որ մեծապէս գնահատեց կարճ ժամանակի մէջ քով-քովի բերուած այս մեծ աշխատանքը, եւ ծաղկեփունջերով պատուեց կազմակերպիչ եւ օժանդակող բոլոր ուսուցչուհիները: Ապա, Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Բագրատ Պէրճէքեանի անուշ խօսքերով եւ աղօթքով փակուեցաւ ցերեկոյթը:

Շնորհակալութիւն Մանկապարտէզի հայերէնի ուսուցչուհի Տիկ. Սեւան Տէր Պետրոսեանին, որ ամենայն բծախնդրութեամբ կազմակերպեց  եւ գլուխ հանեց այս ծրագիրը: Շնորհակալութիւն անոր անմիջական գործակիցներուն՝ երգի ուսուցչուհի Օրդ. Արուս Անդրէասեանին, հայերէնի ուսուցչուհիներ տիկիններ Մարալ Ոսկեանին, Յասմիկ Մուրադեանին, Զեփիւռ Տէմիրճեանին եւ Թագուշ Նալպանտեանին, ինչպէս նաեւ Մանկապարտէզի եւ 5-րդի դաստիարակ եւ օգնական ուսուցչուհիներուն, նկարչութեան եւ պարի ուսուցիչներուն:

***           

Այս նոյն հանդիսութիւնը կրկնուեցաւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9-ին, հայկական հինգ վարժարաններու աշակերտութեան դիմաց՝ թիւով շուրջ 400 հոգի: Հոն ներկայ էին Մերտինեան, Սահակ-Մեսրոպ, Փոքրիկ Հրեշտակներ եւ Յովսէփեան վարժարանները Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին կողքին:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւններով սկսաւ յայտագիրը, որուն յաջորդեց Տիկ. Փառիկ Յարթունեանի ողջոյնի խօսքը: Աւարտին՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի փակման եւ շնորհակալական խօսքով, Կաղանդ Պապային գալուստով եւ հիւրասիրութեամբ վերջ գտաւ այդ ցերեկոյթը, ուր նոյնպէս մեր աշակերտները իրենք զիրենք գերազանցեցին, հրամցնելով նոյն ճոխ յայտագիրը: Առաջնորդարանին մէջ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Միջնակարգի պարախումբը՝ ներկայացնելով Ս. Ծննդեան նուիրուած արդիական պար մը, նոյնպէս արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատականին: Առաջնորդարանին կողմէ բոլոր աշակերտները ստացան նուէր գրքոյկներ։

Շնորհակալութիւն լոյսի եւ ձայնի պատասխանատու Պրն. Վիգէն Մոմճեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Ծննդեան հանդէսի յաջողութեան:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

 

Թղթակցութիւնը վարժարանէն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ