ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու «ընկերային ապահովագրական» (Social Security) հաստատութիւնը 2017-ին նախատեսած է հետեւեալ փոփոխութիւնները, որոնք կը ներառեն ժողովուրդին վճարելիք տուրքերն ու ստացուած թոշակներու վճարումները:
ա.- 2017-ի Յունուար ամիսէն սկսեալ, ժողովուրդին կողմէ ստացուած թոշակային վճարումները 0,3 առ հարիւր յաւելում պիտի կրեն: «Սոշըլ Սըքիւրիթին» նկատի ունենեցած է ամսական 5 տոլարի յաւելում: 2017-ին հանգստեան կոչուած աշխատողներու վճարումներուն միջին հաշիւը պիտի ըլլայ ամսական 1360 տոլար: Իսկ հանգստեան կոչուած զոյգերուն վճարումները պիտի ըլլան 2260 տոլար, անցեալ տարուան, 2016-ին վճարուած 2254 տոլարի փոխարէն: «Սոշըլ Սըքիւրիթին» ամէն տարի վերատեսութեան կ՚ենթարկէ հանգստեան կոչուած անհատներուն թոշակներու վճարումները ըստ տարեկան սղաճի տուեալներուն:
բ.- Աշխատողներուն մեծամասնութիւնը իրենց աշխատավարձերէն պիտի վճարեն 6,2 առ հարիւրը որպէս տուրք, իրենց գործատէրերուն վճարումին համապատասխան: 2016-ի տուրքերուն սահմանը, 118,500 տոլարը, 2017-ին պիտի փոխարինուի 127,7-200 տոլարով, նկատի ունենալով աշխատավարձերու յաւելումները: Աշխատավարձերու այս գումարէն յաւելեալ ստացողները զերծ պիտի ըլլան տուրքերէ: Այս տարուան համար, 2017-ին, կ՚ակնկալուին մօտաւորապէս 12 միլիոն յաւելեալ տրատուներ:
գ.- Հանգստեան կոչուած թոշակառուներ որոնք տակաւին կ՚աշխատին կամ յաւելեալ եկամուտներ ունին, «Սոշըլ Սըքիւրիթին» կրնայ իրենց ստացած թոշակներուն մէկ մասնիկը ի պահ դնել:
դ.- 2017-ին, 65 կամ նուազ տարիքի թոշակառուներուն տարեկան վճարումները 15,720 տոլարէն պիտի բարձրանան 16,920 տոլարի:
ե.- Անհատներ, որոնք թոշակառու են և տակաւին յաւելեալ աշխատավարձ կը ստանան, իրենց թոշակներու վճարումներէն 1 տոլար պահ պիտի դրուի, իրենց յաւելեալ եկամուտի 2 տոլարին դիմաց:
զ.- 2017-ին, տակաւին 66 տարիքը չթեւակոխած անձերուն թոշակները յաւելում պիտի կրեն 3,000 տոլարով, հասցնելով տարեկան 44,880 տոլարի: Իսկ այս հատուածի թոշակառուներ, որոնք տակաւին զանազան եկամուտներ ունին, իւրաքանչիւր 3 տոլար յաւելեալ շահին դիմաց պահ պիտի դրուի 1 տոլար միայն:
է.- Եթէ արդէն 66 տարիքը բոլորած էք և թոշակառու էք, որևէ գումար պահ պիտի չդրուի ձեր թոշակներու վճարումներէն, նոյնիսկ եթէ եկամուտներէ կ՚օգտուիք, որոնք ձեր օգտին պիտի ծառայեն ապագայի թոշակներու հաշուարկումներուն ի նպաստ:
ը.- 66 տարիքը բոլորած թոշակառուներու ստացած բարձրագոյն գումարի վճարումները յաւելում պիտի կրեն 48 տոլարով, 2017-ին ստանալու համար 2687 տոլար: Սակայն, անոնք որոնք կը նախընտրեն թոշակներու առաքման աւելի ուշ տարիք, հաւանաբար ստանան յաւելեալ գումարներ:
թ.- Աշխատող զոյգեր, որոնք կը բոլորեն 66 տարիքը կամ աւելին, երկուքէն մէկը կարելիութիւնը պիտի ունենայ իր ամուսնոյն ստացած բարձրագոյն գումարին կէսը պահանջել որպէս թոշակ, ապագային ատիկա փոխարինելով իրեն յարմարագոյն վիճակով: (Երբ իր աշխատավարձի տեղեկագրով կարենայ յաւելեալ գումար ստանալ, նայած իր յապաղած պահանջքին բերումով):
ժ.- Անոնք որոնք Յունուար 2, 2016-ին կամ աւելի ուշ, կը դառնան 62 տարեկան, պիտի չկարենան վերոյիշեալ երկու տարբեր թոշակները ստանալ, ամուսնական և անձնական, տարբեր ժամանակներով:
ժա.- Ամուսնացած զոյգեր, ինքնազօր կերպով (automatically) այլևս պիտի ստանան երկու տարբերակներէն բարձրագոյն վճարումը, և պիտի չկարենան տարբեր ժամանակներու մէջ կատարուած երկու վճարումները պահանջել:
ժբ.- Թոշակառուներ կրնան կամաւոր կերպով առկախել իրենց ստացած թոշակներուն վճարումները, 66-70 տարիքի սահմաններուն մէջ, կարենալ ապագային յաւելեալ գումարներ ստանալու համար:
ժգ.- Ապրիլ 30, 2016-էն սկսեալ, նոր օրէնքի մը հիման վրայ, երբ 66-70 տարիքին միջև ընտանիքի անհատներ, որոնք իրենց թոշակներու վճարումները առկախած են, սոյն թուականէն ետք անոնց աշխատանքի հաշուարկումներու հիման վրայ կատարուած թոշակները ևս պիտի առկախուին նոյն ժամանակաշրջանին (66-70) մէջ:
ժդ.- Վերոյիշեալ պարագային կը զանցառուին այրիներու պարագաները, որոնք կրնան իրենց մահացած ամուսնոյն թոշակը ստանալ, նոյնիսկ եթէ ամուսինը առկախած ըլլայ թոշակներու հատուցումը 66-70 տարիքին միջև:
***
Սիրելի հայրենակից, յուսանք որոշ տեղեկութիւններ կարողացանք հայթայթել ձեզի, գալիք տարուան «Սոշըլ Սըքիւրիթիի» փոփոխութիւններուն առնչութեամբ: Անհատական յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է խորհրդակցիլ ձեր հաշուապահին հետ եւ կամ՝ դիմել ուղղակի «Սոշըլ Սըքիւրիթիի» գրասենեակ: