Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016-ին Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայր եւ որդի՝ Զուլում եւ Մուշեղ Գրիգորեաններուն նկարչական ցուցահանդէսը: Արդարեւ, Գրիգոր հայր եւ զաւակը բառին իսկ հիացանք, խօսք եւ բառ չունինք նկարագրելու համար ցուցադրուած նկարներ:
ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալը՝ Վալերի Մկրտումեան հոյակապ ելոյթով ներկայացուց Գրիգորեան ընտանիքի մեծատաղանդ նկարիչները, խօսեցաւ անոնց նկարներուն եւ արուեստին մասին: Խօսք առաւ նաեւ հանրածանօթ Գէորգեան պարախումբի ղեկավար՝ Վարդան Գէորգեան, ներկայացնելով այս «հրաշք» արուեստագէտները:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը հայրական գիրով ողջունեց արուեստագէտներուն ներկայութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ: Առաջնորդի օրհնութեան գիրը ներկայացուց առաջնորդարանի կղերականներէն Տէր Երեմիա Քհնյ. Խաչատուրեանը: