Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

ՍՐՏԲԱՑ ՀՐԱՒԷՐ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ

 

            Այսու հոգեկան ցնծութեամբ կը հաղորդենք Թեմիս Հոգեւոր Հովիւներուն, Ծխական Խորհուրդներուն, Թեմական Պատգամաւորներուն, յարակից բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ մեր համայն հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին օրը՝ նախորդ տարիներու նման, Յունուար 6-ին, 2017, Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան Համալիրի» «Գալայճեան Սրահին» մէջ տեղի պիտի ունենայ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հիւրընկալութեամբ Սուրբ Ծննդեան Ընդունելութիւնը՝ երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչեւ գիշերուան 9:00:

            Ընդունելութիւնը սրտբաց հրաւէր մըն է բոլոր հաւատացեալներուն համար:

            Սուրբ Ծննդեան Տօնին օրը կազմակերպուած այս բացառիկ ընդունելութիւնը գեղեցիկ առիթ մը պիտի ստեղծէ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին, իր օրհնութիւնները բաշխելու եւ միեւնոյն ատեն գնահատելու Թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներուն, Ծխական Խորհուրդներու Ատենապետներուն, Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Շինարարական եւ Հանգանակիչ Յանձնախումբերուն, Առաջնորդարանի Խնամակալներուն, Թեմական Կազմակերպութիւններու Ատենապետներուն, Հայ Մամուլին, Հայ Կազմակերպութեանց Վարչական Մարմիններուն, Բարերարներուն եւ Առաջնորդարանի մասնաւոր հիւրերուն ջանքերն ու աշխատանքները՝ անցնող տարուան ընթացքին:

            Նուիրական այս երեկոն պիտի սկսի Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու կողմէ կատարուող աւանդական «Տնօրհնէք»ի արարողութեամբ: Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

            Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալները, որ ներկայ գտնուին Սուրբ Ծննդեան այս ընդունելութեան եւ ստանան Մեր Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան Աւետիսը եւ արժանանան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւններուն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ