Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ կը հաղորդենք Թեմիս համայն հաւատացեալներուն, թէ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրանի հանդիսապետութեամբ, Սուրբ Ծննդեան Ճրագալոյցի օրը, Հինգշաբթի, Յունուար 5-ին, 2017 երեկոյեան ժամը 5:00-ին Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ պիտի կատարուի արարողութիւն, ապա պիտի Պատարագէ Ծուխի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան:

            Մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին օրը, Ուրբաթ, Յունուար 6-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Առաջնորդանսիտ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ պիտի Պատարագէ եւ քարոզէ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան:

            Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Ջրօրհնէքի Արարողութեան: Սուրբ Պատարագի եւ Ջրօրհնէքի արարողութեանց երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Մայր Տաճարի Խաչատուրեան Երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Տիար Գեղամ Աշճեանի: Իսկ Ջրօրհնէքի Խաչի Կնքահայրը պիտի ըլլայ Առաջնորդարանի Բարերար՝ Տիար Ռէյ Յարթունեան:

«Աստուածորդու՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը աշխարհի մարդկութեան կեանքին մէջ ճառագայթող արդարութեան արեգակն է, որով եւ աշխարհը կը վկայէ նոր սկիզբը մարդկային պատմութեան: Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը մարդկային պատմութեան մէջ հոգեւոր յեղափոխութիւնն է, հանգրուանն է, որովհետեւ ողջ մարդկութեան հոգեւոր էութեան մէջ իջաւ Աստուածորդին, որպէսզի Անոր առաջնորդութեամբ մարդն իր կեանքը առաջնորդէր դէպի Աստուած, դէպի աստուածայինը, դէպի ճշմարիտն ու բարին, դէպի արդարութիւն» (Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան):

            Հաւատացեալներ սիրով կը հրաւիրուին Մայր Տաճար՝ միասնաբար աղօթելու եւ լսելու Սրբազան Հօր հոգեւոր պատգամը:

 

 

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ