ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով հարկ է պահ մը մտածել մեր ինքնութեան մասին որմէ կ՚ակնկալենք իրագործում մեր կեանքի ընթացքին, երկուքն ըլլալով մեր անմիջական հեռանկարներու յաջողութիւններուն զիրար ամբողջացնող լրացուցիչները։ Տարին արագ կը թաւալի եւ Սուրբ Ծնունդը կը վերանորոգէ մեր, շնորհընկալներուս, ջանքերը լարելու դէպի դրական իրագործում։ Որքան ատեն որ մարդուս ինքնութիւնը կը զարգանայ ժամանակի ընթացքին, յոյս կայ որ այդ ընթացքը դէպի Աստուած առաջնորդէ զինք բարի ծրագիրներու իրագործումով, այսինքն իրակա՛ն եւ ոչ թէական կամ ըղձական տեսիլքներով։ Ինքնութիւնը ինքնահնար եւ յայտարարուած որակում մը չէ, այլ Աստուծմէ տրուած պարգեւ մը, իրողութիւն մը, եւ ապրելակերպ մըն է որ մարդս կը մղէ յարաբերելու եւ գործելու իր նմանին հետ՝ հակակշիռը միշտ յարգելով եւ պահելով երկուքին միջեւ։
Եթէ ոմանք անցնող տարիներու արժէքն ու ազդեցութիւնը մոռնալով չեն պահեր ինքնութեան զարգացումի այդ ընթացքը, հեռացած կ՚ըլլան թէ՛ անցնող տարւոյն ընծայած բարիքներէն եւ թէ՛ զրկուած կ՚ըլլան հաւատքի ու հաւատարմութեան վերանորոգ զօրութենէն։ Այդ տեսակ մարդիկ կը վստահին միայն իրենց գիտցածին եւ կարողութեան վրայ, որոնք վաղանցիկ կ՚ըլլան ընդհանրապէս, ու այդ ձեւով ալ ապացոյցը կու տան միակողմանի եւ քմահաճ գործելաոճի մը։
Ինքնութեան ճանաչումը լաւապէս կը հասկնանք, երբ կարդանք Յիսուսի ներթափանց խօսքերը իր տասներկու աշակերտներու ընտրութեան մէջ, քանզի անոնք պատահաբար չեկան միանալու խմբակին, այլ Տէրը ինք կանչեց իւրաքանչիւրին ինքնութիւնը ճանչնալով, նոյնիսկ մատնիչ աշակերտին ինչ ըլլալը գիտնալով՝ կանչեց զինք յանուն նախախնամութեան, քաջ գիտակցելով անոր բաժինը իր առաքելութեան նկատմամբ։ Երբ Նաթանայէլ, օրինակի համար, թզենիի ծառին տակ կը նստէր, գիտնալով անոր ինքնութիւնը Փիլիպպոսի միջոցաւ Յիսուս զինք իր քով կանչեց, ըսելով «Ահա մարդ մը որուն մէջ նենգութիւն չկայ»։ Նաթանայէլ որուն անունն էր նաեւ Բարթողիմէոս, դարձաւ Հայաստան աշխարհի Առաջին Լուսաւորիչը՝ Թադէոս Առաքեալի հետ, որոնց յիշատակը Հայ Եկեղեցին տօնեց անցեալ շաբաթ օր։
Ինքնութենէն իրագործում ընթացքին վրայ Հայաստան ու Հայ Եկեղեցին շնորհքը վայելեցին անցեալ Յունիսի վերջաւորութեան Հռոմի Սրբազան քահանայապետ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիսկոս Պապին, որ ուխտաւորաբար Հայաստան ու Սուրբ Էջմիածին այցելեց։ Պահ մը աննախընթաց բերկրանքի ալիք մը տարածուեցաւ մեր աշխարհէն ներս, իսկական օրհնութիւն մը, երբ Քրիստոնեայ Քահանայապետը, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, պատասխանատու յանձնառութիւններ կատարելագործեց, բարձրագոյն սահմանում եւ տարածք տալով իր ինքնութեան եւ համաշխարհային դիրքին, երբ ցանկութեամբ եւ ամենայն խոնարհութեամբ եկաւ ու նուաճեց հոգիները բովանդակ հայ ժողովուրդին։
Քահանայապետին այդ օրինակելի ընթացքին բնօրինակը Յիսուս ինք տուաւ անկնկալելով որ Տասներկուքը ուշադիր ըլլային իր ուսուցումներուն նկատմամբ, եւ ոչ թէ աւելորդ խօսքերով աննպատակ հետաքրքրութիւններ ցոյց տային։ Ֆրանիսկոս Պապը ճիշդ այդ էր որ կատարեց՝ քալելով Տիրոջ ճամբէն։ Աննպատակը ունի նաեւ իր ժխտական դրսեւորումը, ինքնին նաեւ նպատակ մը, երբ մարդուս ինքնութիւնը աժան ճանաչումի եւ կամ հարստութեան անհիմն ուժին վրայ հիմնուած կ՚ըլլայ։ Այդ պարագային որքան աչքառու է մերօրեայ իրականութիւնը, երբ մարդ ընկերային եւ քաղաքական շիլ հաշիւներու զոհ կ՚երթայ, փոխանակ Քրիստոսի հաստատած Եկեղեցիին նպաստելու, ուր ինքնութիւնն ու իրագործումը մարմին կ՚առնեն եւ շնորհներով կը զօրանան։ Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս այլուր, դրսեւորեց այդ զուգորդութիւնը նաեւ մեր երկրին մէջ՝ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին հետքերով` յօրինակ մերազն ժողովրդեան։
Փորձանքը հո՛ն է, երբ կամովին կ՚անգիտանաս «Աստուծոյ Պատկերը» որով սկիզբէն շնորհազարդարուեցար, անգիտանալով նաեւ Աստուծոյ բարերար առաջնորդութիւնը, վստահելով միայն քու ուժերուդ, եւ կը մնաս առանձին։ Այս իրողութիւնը պարզ հարցումի մը ետին Յիսուս հաստատեց, ըսելով եթէ իր աշակերտները կ՚ուզէին իրեն հետեւիլ կամ ոչ։ Պետրոս Առաքեալ իսկոյն պատասխանեց, ըսելով թէ որո՞ւ կրնային հետեւիլ բացի իրմէ, որ ունի յոյսի եւ լոյսի կեանքը որպէս Աստուծոյ Որդին։
Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան հրաւէրն է զգաստ ըլլալ եւ լրջօրէն հասկնալ Քրիստոսի կատարած գործին հոգեկան ոլորտը, ուր մարդ կրնայ տեսնել եւ գնահատել միտքի, զգացումի, կամքի, եւ գոյութենական փորձառութեան լիութիւնը։ Եւ այդ լիութիւնը հիմքը կը կազմէ մեր վերեւ կրկնած ինքնութեան եւ իրագործման լիիրաւ դրսեւորման։ Միտքի, զգացումի, կամքի, եւ գործի հրաշագործ հանդիպման խաչմերուկին է, որ մարդ պիտի տեսնէ Տիրոջ ճշմարիտ սէրն ու գուրգուրանքը՝ կեանքի եւ յարատեւ նուիրումի վերածուած։ Չմոռնանք Աստուածադիր պատգամը՝ «Մարդ է որ գործէ զերկիր», յիրաւի անկրկնելի եւ անշրջելի պատգամ։
Նոր Տարուան սեմին մեր ականջին թող հնչէ այն պատգամը, թէ Քրիստոնէական հաւատքը երբեք դիւրահաւան կամ «կախարդական» ճամբայ չի քարոզեր կեանքի դժուարութեանց դէմ, այլ Խաչի նուիրական խորհուրդով հիմնական հաւատքի ապահովութիւնը կը շնորհէ օգնելու մարդուն որ գիտակից որոշումներ առնէ՝ ճանչնալով Մարդացեալ Փրկչին միջամտութիւնը մարդոց կեանքին մէջ։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը մէկ խօսուն օրինակն է այս մեծ պատկերին, Աստուծոյ ուղղակի յարաբերութեանը ընդմէջ հայ աշխարհի, սկսեալ առաջին մէկ օրէն։ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը Խաչին պատգամն իսկ է, որմէ ճառագայթեց մարտիրոսութիւնն ու փրկագործութիւնը։ Կը մնայ մեզի մեր ինքնութիւնը ճշդել Խաչի զօրութեամբ եւ իրագործել ա՛յն ինչ որ կը պահանջէ նժարին միւս կողմը։
Դեկտեմբեր, 2016