Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Տիգրան Քասունիի “100 Years Strong: The Armenian Genocide in Posters, 1915-2015” Ապրիլեան որմազդներու հաւաքածոն

Մեր սեղանին վրայ է իր տեսակին մէջ եզակի հատոր մը։ Հարիւր մեծադիր էջերու վրայ (9”x12”) տարածուած են 85 որմազդներ (posters), որոնք ի մի բերուած են աշխարհի չորս ծագերէն եւ բնականաբար՝ տարբեր լեզուներով։ Բոլորն ալ Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր հետեւանքներուն եւ Հայ Դատին առնչուող որմազդներ են, ամէն մէկը իր յստակ բացատրութեամբ՝ անունը, հրատարակութեան տարեթիւը, չափերը, հեղինակը, երկիրը։

Հատորը ինչպէս խորագիրէն պարզ կը դառնայ անգլերէն է, լոյս տեսած է 2016 թուականին, հրատարակութեան պատրաստուած հեղինակին կողմէ՝ “Kassony Design Studio”, խմբագիր ունենանով այլ արուեստագէտ մը՝ Իշխան Ճինպաշեանը։ Լուսանկարները՝ իրագործում Մհեր Վահագն Աճէմեանի եւ Առնօ Ճիհանեանի։

Տիգրան Քասունի այս հատորը ձօնած է իր մեծ-հայրերուն ու մեծ-մայրերուն, որոնք եղան Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներ։

Գիրք-ալպոմը կը բացուի հեղինակին երախտագիտական խօսքով, ուր ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս հատորին լոյս աշխարհ գալուն։ Վերջաւորութեան կը նշէ Տոքթ. Էտմոն Տէրտէրեանի անունը, որ ազնուութեամբ հովանաւորած է գիրքին հրատարակութիւնը։

«Փոխան յառաջաբանի», արժէքաւոր գրութեամբ մը հարստացած է այս հատորը հեղինակին հօր՝ Դոկտ. Երուանդ Քասունիի ստորագրութիւնը կրող գրութեամբ մը, որ խիստ կարեւոր եւ օգտակար է իր բովանդակութեամբ։

Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի համալսարանի փրոֆեսոր Փաուլա ՏիՄարքոյի «Մուտքէն» կ՚իմանանք, թէ Տիգրան Քասունի 2003 թուականէն իվեր սկսած է հաւաքել Ցեղասպանութեան նուիրուած որմազդներ։ Վերջինիս նախաբանով մուտք կը գործենք գիրքին մէջ, ուր Քասունի ամենայն բծախնդրութեամբ Հայկական Հարցին անտեղեակ անձին կը փոխանցէ անհրաժեշտ ամէն ինչ՝ պատմական, քաղաքական, ընկերային… այդպիսով աւելի՛ եւս իմաստաւորելով որմազդներուն ծնունդն ու քով-քովի հաւաքելու հսկայական աշխատանքը։ Վերջապէս, որմազդներուն կողքին կը կարդանք հայ կնոջ դերին մասին,  Near East Relief-ի աշխատանքներուն եւ մարդասիրական այլ  ծրագիրներու մասին. կը հասնինք Եղեռնի 50-րդ տարելից եւ վերածնունդ, պայքար, պահանջատիրութիւն։ Ապա՝ Գաղտնի Բանակի եւ ազատագրական շարժումի ըմբոստ տարիներ սփիւռքի տարածքին՝ 70-ականներէն սկսեալ, հասնելով այսօրուան՝ 100-րդ տարելից եւ «Արդարութեան Քայլարշաւ»։

***

Ո՞վ է Տիգրան Քասունի։

Արուեստագէտ Տիգրան Քասունի ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, մտաւորական ընտանիքի մէջ։ 1988-ին հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ։ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ստացած է Քաղաքական Գիտութիւններու իր վկայականը, իսկ Քալիֆորնիոյ Լա Վերնի եւ Նորթրիճի համալսարաններուն մէջ մասնագիտացած եւ տիրացած է մագիստրոսի տիտղոսին Արուեստի եւ համակարգչային ձեւաւորման մէջ (M.A. in Graphic Design)։ Ամուսնացած է, ունի երկու մանչ զաւակներ։ Ներկայ հատորը անոր առաջնեկն է։

Մեր պարտքն է շնորհակալութիւն յայտնել Տիգրան Քասունիին, որ իր անձնական ջանքերով ու միջոցներով իրականութիւն դարձուցած է հատոր մը, որուն հրատարակութիւնը պատիւ պիտի բերէր հայկական որեւէ կազմակերպութեան։ Այս հատորը անհրաժեշտ է տարածել հայ թէ օտար մեր շրջանակներէն ներս եւ բացառիկ նուէր մը կրնայ հանդիսանալ ամանորեայ տօնական այս օրերուն։ Դիմեցէ՛ք հայկական գրախանութներ, գնեցէ՛ք եւ նուիրեցէ՛ք ձեր հայ թէ օտար բարեկամներուն։

Իսկ մենք յարատեւութիւն կը մաղթենք բազմաշնորհ Տիգրան Քասունիին, որպէսզի շարունակէ արուեստի ու մշակոյթի ճամբով օգտակար հանդիսանալ հայութեան եւ մարդկութեան։

Հ.Ս.

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ