Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր հայրենակից Մայք Սարեան օժանդակած է ԱՄՆ-Հայաստան կապին

Նոյեմբերին, Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ուղղած էր շնորհաւորական ուղերձ մը նորընտիր թեկնածուին, որուն որպէս պատասխան, նորընտիր փոխնախագահ Մայք Փենս հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր նախագահ Սարգսեանին հետ, քննարկելով զոյգ երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումները։

Այստեղ, կարեւոր դեր խաղացած են Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանն ու Լոս Անճելըսէն Հանրապետական կուսակցութեան աջակցող հայկական միաւորի օժանդակողներէն Մայք Սարեան։

Փոխնախագահ Մայք Փենս, որ ծանօթ է 2005 թուականին քուարկած իր  հայանպաստ դիրքորոշումով, 2007-ին եւ 2010-ին ցոյց չէր տուած իր զօրակցութիւնը, նկատի առնելով թուրք-ամերիկեան շահերը։

Ամերիկահայութեան դիմաց քարոզչութեան նոր մարտահրաւէրներ կան այսօր, գործակցելու համար Հանրապետական կուսակցութեան ներկայի ղեկավարութեան հետ, որուն գործնական մէկ ապացոյցն է Մայք Սարեանի բերած նպաստը այս ուղղութեամբ։ Ան յարգուած հասարակական գործիչ մըն է լոսանճելըսահայութեան մէջ, որ ծանօթ է Հայաստանի, ԱՄՆ-ի եւ սփիւռքի տարածքին իր կատարած բարեսիրական գործունէութիւններով։ Սարեան նախագահն է համա-ամերիկեան հիւանդանոցներու ցանցի մը, ղեկավարելով աւելի քան 45 հիւանդանոցներ 15 նահանգներու մէջ։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր եւ թող անոր գործը բարի օրինակ ծառայէ մեր հայրենակիցներուն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ