Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՍԵՐԽԻՕ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆԻՆ

Յարգելի՛ պարոն Նահապետեան,

Ընդունեցէք ամենաջերմ եւ անկեղծ շնորհաւորանքներս գալիք 2017թ. ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով:

Անցնող տարին յատկանշական էր աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին համար։ Մենք միասին համախմբուած տօնեցինք հայկական երկու պետութիւններու անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանները, որոնք եղան նոր հզօր ազդակներ՝ մեզ մղելու առաւել արդիւնաւէտ եւ պատասխանատուութեամբ գործելու եւ ապրելու համար:

Իրաւամբ կուսակցութեան համար տարուան կարեւոր իրադարձութիւններէն էր հիմնադրութեան 95-ամեակը, առաջին անգամ Մայր Հայրենիքի մէջ ՌԱԿ-ի պատգամաւորական ժողովի գումարումը եւ նոր վարչութեան ձեւաւորումը, որ վստահաբար առաւել պիտի զարգացնէ կուսակցութեան որդեգրած հայանպաստ սկզբունքները:

Կը մաղթեմ Ձեզի եւ ՌԱԿ-ի ընտանիքի բոլոր անդամներուն քաջառողջութիւն, յաջողութիւն, անսպառ եռանդ եւ նորանոր ձեռքբերումներ ու նուաճումներ:

Թող 2017 թուականը ըլլայ շրջադարձային եւ ՌԱԿ-ը բոլոր համախմբուի:

Թող 2017թ. ըլլայ խաղաղութեան եւ կայունութեան տարի:

Յարգանքով`

ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ