Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեր Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը. ՌԱԿ ԿՎ Ատենապետ

Սիրելի Ընկերուհիներ եւ Ընկերներ,

 

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեր Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդը:

 

Սրտանց կը մաղթեմ, որ 2017 թուականը Ձեզի, Ձեր ընտանիքներուն եւ հարազատներուն համար երջանկաբեր եւ բարեյաջող տարի մը ըլլայ։

Մաղթանքս է նաեւ, որ Ձեր անձնական թէ հաւաքական աշխատանքները առաւել արդիւնաւորուին ու արգասաւորուին , ինչպէս նաեւիրականութիւն դառնան  Ձեր բարի բոլոր Ձեր իղձերը եւ փափաքները։

Լիայոյս եմ թէ մեր սիրելի կուսակցութեան միութիւնը եւ հզօրացումը բոլորին միասնական ճիգերով իրականութիւն պիտի դառնան, իսկ մերՀայրենիքը խաղաղութեան, կայունութեան եւ յառաջդիմութեան տարի մը պիտի բոլորէ։

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

 

Սերխիօ Նահապետեան

Ռ․Ա․Կ․ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ

 

Պուէնոս Այրէս, 26 Դեկտեմբեր 2016

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ