Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

«Տարուան Հայը». Ակնարկ

Մարդ մը, հայ մը, լիբանանահայ մը, որ այսօր արդէն աւելի քան 25 տարիէ ի վեր ամերիկահայ է՝ ապրելով եւ գործելով Լոս Անճըելըսի մէջ։ Ան սեփականատէրն է բոլորիս քաջածանօթ «Գարուն» կաթի վերամշակման գործարանին, Քալիֆորնիոյ մէջ, հանրութեան հրամցնելով որակեալ արտադրանք։

Այս լիբանանահայը գաղթելով Միացեալ Նահանգներ, ոչ միայն իր  սեփական ուժերով ոտքի կանգնեցաւ, այլ նաեւ, ամենատարբեր առիթներով հասաւ տեղական հայ գաղութի, լիբանանահայութեան եւ հայրենիքի կարիքներուն։ Այստեղ, ընթերցողներուն ուշադրութիւնը կը փափաքինք հրաւիրել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին անոր կատարած վերջին նուիրատուութեան վրայ։ Երբ համայն հայութեան ջանքերով այս տարի հաւաքուեցաւ տասը միլիոնէն քիչ մը աւելի գումար, այս հայրենանուէր հայը եւ իր ազնիւ տիկինը հինգ միլիոն տոլարով իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի ապահովական կարիքներուն։ Այո, 5 միլիոն տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ մը Տիար Անդրանիկ Պաղտասարեան արժանիօրէն շրջանցեց շարք մը ազգայիններ՝ «Նոր Օր»-ին կողմէ արժանանալով «Տարուան Հայը» բարոյական տիտղոսին։

Մեր բարի մաղթանքն է, որ Պաղտասարեան ամոլը շարունակէ իր նպաստը բերել հայրենաշինութեան սուրբ գործին, նո՛յն հաւատքով եւ նո՛յն անմնացորդ նուիրումով։

95-ամեայ «Նոր Օր»ը, որ կենսագիրներէն մէկն է Քալիֆորնիոյ հայկական կեանքին, աներկբայօրէն կը յայտարարէ՝

ՏԻԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

2016-Ի «ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՅԸ»

 

«Նոր Օր»

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ