Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Երեւանի «Տրուժպա» պանդոկին սենեակներէն մէկուն մէջ Յունուար 1-ին գտած են տղամարդու մը դիակը, որ յետոյ պարզուած է, որ Ռուսիոյ քաղաքացի 45-ամեայ Վիքթոր Եմելիանովի դին է։ Ան կ՚ապրէր Երեւանի մէջ, կոչումով մայոր էր եւ Հայաստանի մէջ ռուսական զօրամասի մը պետի փոխանորդ էր։

ԱՆԳԼԻԱ.- Վերջին ութ տարիներուն ընթացքին եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ աշխատավարձքը անկում արձանագրած է, իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ՝ աճ։ Բրիտանիոյ եւ Յունաստանի մէջ իրական աշխատավարձքը նուազած է շուրջ 10 տոկոսով, Փորթուկալ՝ շուրջ 4 տոկոս։ Իսկ ամէնէն բարձր աճը Լեհաստանի մէջ է՝ 23 տոկոս, յետոյ կու գան Գերմանիա՝ 14, Էսթոնիա՝ 13, Զուիցերիա՝11, Ֆրանսա եւ Շուէտ՝ 10-ական տոկոս։

ՉԻՆԱՍՏԱՆ.- Առաջին անգամ ըլլալով երկաթուղիով ապրանքներ տեղափոխուած է Չինաստանէն Անգլիա։ Եու քաղաքէն ճամբայ ելած գնացքը պիտի հասնի երկու շաբաթէն։ Վերջին տարիներուն Չինաստան սկսած է ուժ տալ երկաթուղագիծով առեւտուրին, որ նախընտրելի է՝ աժան բայց դանդաղ ծովային փոխադրումներէն եւ միւս կողմէ՝ սուղ բայց արագ օդային միջոցներէն։          

ՄՈՍԿՈՒԱ.- ԱՄՆ-էն արտաքսուած ռուս դիւանագէտները ժամանած են Մոսկուա։ Անցեալ Հինգշաբթի օր Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ սահմանեց 35 ռուսերու դէմ, որոնք կը գործէին Ուաշինկթընի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, անցանկալի անձեր յայտարարելով զանոնք։ Ասիկա պատասխան էր այն ապացոյցներուն, թէ Ռուսիա միջամտած է ամերիկեան ընտրութիւններուն համակարգչային ցանցերէն ներս մտնելով։ Նախագահ Փութին մերժեց նոյնքան ամերիկացիներ արտաքսելու արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի առաջարկը։

ՖՐԱՆՍԱ.- Յունուար 2-ին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ժամանած է Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ, հանդիպելու ֆրանսացի զինուորներու հետ, որոնք միջազգային ուժերու հետ հոն կը գտնուին օգնելու իրաքեան իշխանութիւններուն, պայքարելու ծայրայեղականներու դէմ։ Հոլանտ աշխարհի յառաջատար երկիրներու առաջնորդներէն առաջինն է, որ Իրաք կ՚այցելէ վերջին երկուքուկէս տարիներուն։

ԻՐԱՔ.- Պաղտատի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն քով տեղի ունեցած է ահաբեկչական գործողութիւն մը Յունուար 2-ին, պատճառելով առնուազն 30 զոհ եւ 60 վիրաւոր։

ՀԻՒՍ. ՔՈՐԷԱ.- Երկրին առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ունը յայտարարած է, որ Հիւսիսային Քորէան 2016-ին դարձաւ «հզօրագոյն միջուկային տէրութիւն» եւ շուտով պիտի տիրապետէ նաեւ միջ-մայրցամաքային հրթիռային արհեստագիտութեան։ Իր հերթին, Հարաւային Քորէայի վարչապետ Հվանկ Քիօ-Ահն նշեց, որ Հարաւային Քորէան պիտի աւելցնէ ռազմական իր ծախսերը՝ Հիւսիսին հակակշռելու համար։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ