Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաղաքական Ակնարկ. Անցնող հետաքրքրական 2016 տարին

ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

 

 

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ

Օպամային կառավարութիւնը ընդառաջելով ամիսներ տեւած Հիւսիսային Տաքոթայի մէջ կատարուող բողոքներուն, Սեպտեմբեր 9-ին դադրեցուց շինութիւնը կազատարին, որ Տաքոթայի Օահի լիճէն 20 մղոն հեռուէն կ՚անցնի։ Հիւսիսային եւ Հարաւային տաքոթացի Սու ցեղախումբերու պահանջքին կ՚ընդառաջէր նախագահը։ Սուերը կը բողոքէին հում քարիւղի խողովակին իրենց լիճին տակէն անցքին դէմ։ Ըստ ցեղատէրերուն, կազատարը կը խանգարէ եղեր ջուրին մաքրութիւնն ու սրբազան հողամասերը…։

Շարունակելով Միացեալ Ազգերու կոչը մերժել, Հիւսիսային Քորէա այս տարուան երկրորդ՝ բայց իր հինգերորդ աթոմային ռումբը պայթեցուց Սեպտեմբեր 9-ին, ընդյատակեայ վայրի մը մէջ… յիշատակելու համար երկրին հիմնադրութեան 68-րդ տարեդարձը…։ Ըստ Հարաւային Քորէայի լրատու  գործակալութեան, ռումբը 20 քիլոթոնի ուժգնութիւն ունէր։ Այս ձեւով, հիւսիսայինները կ՚ուզեն ցոյց տալ աշխարհին, որ հիւլէական ռումբ ունին եւ անկաշկանդ կրնան փորձարկել, …երբ աշխարհի ութ-ինն մեծ պետութիւնները գիտակցաբար դադրեցուցած են փորձարկումները, աւելի չապականելու համար երկրագունդին մթնոլորտը։

Ռուսական-ամերիկեան միջնորդութեամբ հաստատուած կրակմարը, որ Սեպտեմբեր 12-ին պիտի սկսէր Սուրիոյ մէջ, ջնջուեցաւ՝ արգիլելով ու Միացեալ Ազգերու մարդասիրական օժանդակութիւնը հասնի 275,000 բնակիչներուն, որոնք Հալէպի արեւելեան կողմին մէջ բանտարկուած են։ Կրակմարի ձախողութիւնը հետեւանքն է ամերիկեան ռմբակոծումին, որուն թիրախը իբր թէ պիտի ըլլային ԻՍԻՍ-ի զինեալները եւ ոչ թէ Հալէպի սարսափահար բնակիչները։

 

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ

Ընտրութենէն ամիս մը առաջ, Քլինթըն կը վերականգնէ իր ժողովրդականութիւնը, բայց Ուիքիլիքսը Հոկտեմբեր 7-ին կը հրապարակէ Քլինթընի շրջանակին վնասակար e-mail-ներ, պահ մը շփոթութիւն յառաջացնելով թեկնածուին վարկին շուրջ։ Իսկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը ձեռք կը ձգէ վաւերաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն թէ Թրամփ 90-ական թուականներուն $916 միլիոն տոլար կորսնցուցած էր եւ ուրեմն, 18 տարի տարեկան իր տուրքերը չէր վճարած…։ Երկու կողմերուն վնաս հասցնող տեղեկութիւններով զբաղեցան քուէարկութեան պատրաստուող քաղաքացիները։

Միացեալ Նահանգներու բանագնացները Հոկտեմբեր 3-ին, իրենց խօսակցութիւնները խզեցին ռուսական կողմին հետ, քննադատելով Ռուսաստանն ու նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը՝ որպէս խանգարողները Սեպտեմբերին հաստատուած Սուրիոյ կրակմարին։ Սուրիական եւ ռուսական ուժերը Հոկտեմբեր 20-ին միակողմանի հրադադար մը յայտարարելէն ետք, ստիպեցին Հալէպի բնակիչներուն անմիջապէս պարպել արեւելեան շրջանը. քանի մը օրեր ետք վերսկսան ծանր ռմբակոծումները։

Թայլենտի թագաւոր Պումիպոլ Ատուլյատեճ, որ 70 տարի իշխած էր, 88 տարեկանին մահացաւ Հոկտեմբեր 13-ին։ Արդի աշխարհի երկարագոյն իշխանութիւնն էր որ կը դադրէր։ Թագաւորը յաջողեր էր 17 տարբեր սահմանադրութիւններ եւ 10 բռնահարուածներ վերապրիլ. համաժողովրդական համակրանքի արժանացած թագաւորը սահմանափակ իշխանութիւն մը վայելած է արքայական պալատին մէջ։

Լիբանան, ի՜ վերջոյ նախագահ մը կրնայ եղեր ընտրել։ Նախկին հրամանատար Միշէլ Աուն, Հոկտեմբեր 31-ին, խորհրդարանին 127-ի դէմ 83 քուէներով հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ, երկու տարիէն աւելի թափուր մնացած նախագահական աթոռին համար։ Շիի համայնքին ազդեցութեան տակ գտնուող Հըզպալլահ կուսակցութեան եւ Սուրիոյ «թոյլտուութեամբ» կատարուած քուէարկութիւնը, յաղթանակ մըն էր Սուրիոյ եւ Իրանին համար։ Այսուհետեւ, Սէուտական Արաբիոյ կարեւոր օժանդակութենէն պիտի զրկուի Լիբանանը։

Իրաք զանգուածային յարձակումով  մը կ՚ազատագրէ Մուսուլը։ 30,000 զինուորներ մաս կը կազմեն իրաքեան բանակին, որու գրոհը Մուսուլի վրայ կրնայ ճակատագրական ըլլալ։ Քրտական, սիւննիական եւ բանակային միաւորները Հոկտեմբեր 17-ին մասնակցեցան Իրաքի երկրորդ կարեւոր քաղաքը՝ սիւննի ծայրայեղական Իսլամական Պետութիւն կոչուած խմբակցութեան գրաւումէն ազատագրել։ Վերջնական մաքրագործումը կրնայ ամիսներ տեւել։

 

ՆՈՅԵՄԲԵՐ

Ընտրութեան թուականը հասած է արդէն եւ մեծամասնութեան ակնկալութիւնը Հիլըրի Քլինթընին ընտրութիւնն է։ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8-ի երեկոյեան քուէներու հաշուարկումներ՝ արեւելեան նահանգներէն սկսած, տարբեր պատկեր մը կը ներկայացնեն սակայն։ Տարօրինակ ու անհաւատալին է, որ կը ներկայանայ ժողովուրդին, երբ աւանդականօրէն դեմոկրատ քուէարկող նահանգներ՝ Փենսիլվանիան, Միշիկընը եւ Ուիսքանսինը կ՚անցնին Տանըլտ Թրամփի շահած նահանգներու սիւնակին մէջ… Միջին Արեւմտեան Ամերիկայի քուէարկողները ութ տարիներու դեմոկրատ իշխանութիւնը մերժելով, անցած են հանրապետականներու կողմը։ «Ժանգի Գօտին» ապահոված է հանրապետական Տանըլտ Թրամփի յաղթանակը…։

Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահն է յառաջիկայ չորս տարիներուն համար։ Քանի մը շաբաթ ետք՝ Դեկտեմբերի 9-ին ժողովրդային քուէներու հաշուարկով, կը հաստատուի որ Հիլըրի Քլինթըն 2.8 միլիոն քուէ աւելի հաւաքած է, քան Ընտրական Կաճառի քուէներով ընտրուած նախագահը… Այս տարօրինակութեան մասին՝ ուրիշ առիթով…։ Ընտրական Կաճառը 304 քուէ տուած է Տանըլտ Թրամփին, իսկ Հիլըրիին՝ 227 քուէ. 7 քուէներ ցրուած են հոս-հոն։

Երբ ցնցուած քուէարկողները իրենք զիրենք կարգի կը բերէին, նորընտիր նախագահը շնորհալի ընդունելութեամբ մը կը տեսակցէր նախագահ Օպամային հետ։

Ամսուան յարաբերաբար նուազ ցնցիչ լուրը, Քուպայի յեղափոխութեան կերտիչ 90-ամեայ Ֆիտէլ Քասթրոյի մահն էր Հաւանայի մէջ։

 

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ

Ամերիկացիներուն հետաքրքրութիւնը սեւեռած է նորընտիր նախագահին վարչախումբի անդամներուն ընտրութեան վրայ։ Առանձին նշանակումներ մամուլին եւ հեռուստացոյցին քննարկումներուն առօրեայ նիւթերն են։ Շատ դժուար է նախագահին անմիջական ապագային որդեգրելիք ուղղութիւնը ենթադրել, բայց յստակ կը դառնայ որ յառաջիկայ վարչախումբը պահպանողական ուղեգիծ մը պիտի որդեգրէ եւ յաճախ ալ՝ տարօրինակ նշանակումներ, փոքր ցնցումներ պիտի յառաջացնեն…։ Ամէն նորընտիր նախագահի ստեղծած ալիքներն են, որոնք պիտի ստեղծուին՝ Թրամփի պարագային մինչեւ 2017 Յունուար 20 մինչեւ երդմնառութեան թուականը։

Նախագահական սովորոյթներէն շեղելով, նախագահ Թրամփ հեռախօսային կապ կը հաստատէ Թայուանի նախագահ Ցայ Ինկ-վենի հետ։ Ժողովրդային Չինաստանի կուսակցական ղեկավարութիւնը ակամայ պիտի վարժուի Տանըլտ Թրամփի տարօրինակութիւններուն։ Քառասուն տարի Թայուանն ու ազգայնական չինական հոսանքը չէին արժանացած նախագահի մը ուշադրութեան. ուրեմն, ատե՛նն է վերամշակութեան…։

Սի.Այ.Էյ.ը կը յուշէ Քոնկրէսին, որ Ռուսաստան միջամտած է դեմոկրատներու e-mail-ներուն, վնաս հասցնելու համար Գլինթընին. ուրեմն, նախագահը կը պատասխանէ՝ հարցադրելով Սի.Այ.Էյ.ի հաւատալիութիւնը…։

 

Դեկտեմբեր 26, 2016

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ