Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ակնարկ. Հրանդ Տինք՝10, Սեւան Նիշանեան՝ 3, Կարօ Փայլան՝ ???

Երեք հայեր, մէկ ճակատագի՞ր…

Անհաւատալի արագութեամբ անցած են տասը տարիներ պոլսահայ «Ակօս»շաբաթաթերթի քաջարի խմբագիր, Հայ Դատին նուիրեալ մտաւորական Հրանդ Տինքի սպանութենէն։ Ի՞նչ դասեր քաղեցինք մենք՝ հայերս, ի՞նչ դաս քաղեց թուրք ժողովուրդը եւ ի՞նչ դասեր քաղեց… թէ մատուցեց Թուրքիոյ այսօրուան ղեկավարութիւնը։ Ցաւով կ՚արձանագրենք մեր տեղքայլը, որ համազօր է յետքայլի։ Իսկ անդին, Թուրքիա անդրդուելիօրէն եւ բացայայտօրէն կը շարունակէ իր փորձառու քաղաքականութիւնը գործի լծել, երբ իւրաքանչիւր անգամ իր ստապատիր դիւանագիտութեամբ, իր խախուտութիւնը ուժի կը վերածէ սիրաշահելով իրենք զիրենք «հզօր» ներկայացնող աշխարհի մեծամեծները։

Հրանդ Տինքի կորուստը արթնցուց թէ՛ մեզ եւ թէ՛ ժողովրդավարութեան միտող թուրք հասարակութիւնը։ Սակայն, ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը խաղայ նոյն խաղերը, որոնք անցեալին մեծ յաջողութեամբ խաղացին անոր նախահայրերը։

Երեք տարիէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած կը մնայ Սեւան Նիշանեան. մարդ, որ այդ երկրին քաղաքացին է, լրագրող, մտաւորական, մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ ժողովրդավարական ազատութիւններու այլախոհ գործիչ։

Եւ ահա, նոյն «յանցանք»ներով բեռնաւորուած Կարօ Փայլան այսօր կրնայ կորսնցնել Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս անձեռնմխելիութեան իրաւունքը, մինչեւ անգամ… Թուրքիոյ քաղաքացիութիւնը։ Եւ ինչո՞ւ… որովհետեւ ճշմարտութիւնը կը խօսի, սեւին սեւ կ՚ըսէ եւ ճերմակին՝ ճերմակ։

Ո՞ւր կ՚երթայ Թուրքիա, ո՞ւր կ՚երթայ 21-րդ դարու քաղաքակիրթ մարդկութիւնը։ Իրապէ՞ս այս բոլորը տեղի կ՚ունենան այսօր, մեր աչքին առջեւ…

Յո՞ երթաք խիղճ ու կրօն, ազատ խօսք, ժողովրդավարութի՜ւն… որուն անունով կ՚երդնուն այսօր ամերիկաներէն մինչեւ արապստաններ եւ հեռաւոր չին ու հան։

Հ.Ս. 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ