Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիա կրնայ անցնիլ կառավարման նախագահական ձեւին

Թուրքիոյ խորհրդարանը առաջին ընթերցումով ընդունեց օրինագիծը, որուն միջոցով պետութիւնը պիտի անցնի նախագահական կառավարման ձեւին։ Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան կողմէ քննարկման դրուած ծրագիրը կը բաղկանար 18 կէտերէ։

Եթէ օրինագիծը վերջնականապէս հաստատուի, Թուրքիոյ նախագահը պիտի վայելէ աւելի մեծ իրաւունքներ, նշանակելով պաշտօնեաներ եւ նախարարներ։ Փաստաթուղթին համաձայն, պիտի ստեղծուի փոխնախագահի պաշտօն եւ պիտի վերացուի վարչապետի պաշտօնը։ Բացի այդ, խորհրդարանի պատգամաւոր դառնալու տարիքային սահմանափակումը 25-էն պիտի նուազի 18-ի, իսկ պատգամաւորներուն թիւը 550-էն պիտի բարձրանայ մինչեւ 600-ի։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ