Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Լափշին ներողութիւն խնդրեց Ալիեւէն

Յունուար 18-ին Մինսքի մէջ Ղարաբաղ այցելութեան համար Պաքուի կողմէ ձերբակալուած լրագրող Ալեքսանդր Լափշին, որ կը կրէ ռուսական եւ իսրայէլեան հպատակութիւն, նամակով ներողութիւն խնդրած է Ատրպէյճանի նախագահէն։

Ան Դեկտեմբերին ձերբակալուած էր Ատրպէյճանի պահանջով՝ Պելոռուսիոյ մէջ, որովհետեւ տարբեր առիթներով Ղարաբաղ այցելած է եւ 2011-էն ի վեր Պաքուի սեւ ցուցակին վրայ կը գտնուէր։

Յունուար 19-ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով խոստացաւ, որ Մոսկուա այս ուղղութեամբ իր կարելին պիտի ընէ ազատ արձակելու համար զայն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ