19 Յունուար 2007 թուականին, երբ պոլսահայ խմբագիր եւ լրագրող Հրանդ Տինք անգթօրէն սպաննուեցաւ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ, հայ ժողովուրդը, Թուրքիոյ մէջ, թէ՝ ուրիշ երկիրներու՝ զայրացած վիճակ ունէր: Այս վիճակը անոնք աշխարհին ցոյց տուին բազմահազարներու քայլարշաւներով, բողոքի ցոյցերով եւ այլ խաղաղ ձեւերով: Իսկ ԱՄՆ-ի Պոսթոն քաղաքին մէջ հաստատուած «Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիրը» (ATP-Armenian Tree Project) յիշատակի անտառ մը որոշեց հաստատել Հայաստանի Լոռի մարզի մէջ, Մարգահովիտի մօտ. 1700 մ. բարձրութեան վրայ գիւղ մը, որ ունի 4000 բնակիչ:
«Հրանդ Տինք Յիշատակի Անտառ»ին նպատակն է զոհուած լրագրողին յիշատակը դալար ու անմար պահել: Հոն լերկ լեռան մը վրայ տնկուած են 53,000 ծառեր: Այդ ծառերը կը խորհրդանշեն Հ. Տինքի կեանքի 53 տարիները: Անտառը 14 հեկտար է, երկու հողամասերու վրայ տարածուած: Այժմ մշտադալար ու խիտ սոճիներ կը զարդարեն այդ երբեմնի լերկ լեռնալանջը:
Անտառի մուտքին տեղադրուած են երկու ցուցանակներ, որոնք հիմնական տուեալներ կու տան անոր մասին:
Անտառը ամէն տարի կ’ունենայ հայ թէ օտար պատուոյ այցելուներ: Այդ այցելութիւններէն ամէնէն պատմականը ԱՄՆ-ի Կ.Պոլսոյ 1913-16 թուականներու դեսպան Հենրի Մորկնթաուի ընտանիքի երրորդ սերունդի անդամներուն յարգանքի այցելութիւնն էր:
27 Ապրիլ 2015 թուականին դեսպան Մորկնթաուի ծոռները՝ Տոքթ. Հենրի Պէն Մորկնթաու Դ. ու Պոպ Մորկնթաուն, ծառ մը տնկեցին Հ. Տինք անտառին մէջ: Յիշել կ’արժէ, թէ ասիկա Տոքթ. Հ. Պէն Մորկնթաու Դ.-ի երկրորդ այցելութիւնն էր Հայաստան: Ան առաջին անգամ 1999-ին Երեւան եկած էր Ծիծեռնակաբերդէն ներս պատուոյ պատի վրայ իր մեծ-մեծ հօր, դեսպան Մորկնթաուին անուան զետեղումին: Ան նաեւ դեսպանին գերեզմանէն հող բերած էր եւ մասնակցած՝ երեւանեան վարժարանէ մը «Հէնրի Մորկնթաու» վերանուանումի հանդէսին:
Հայաստանի Ծառատունկ Ծրագրի երազը ահա տասը տարի է իրականացած է: Այս անտառի 53 հազար ծառերը ո’չ միայն կը խորհրդանշեն հայ հերոս Հրանդ Տինքի 53 տարիները, այլ նաեւ աշխարհին կը փաստեն, թէ հայ ժողովուրդը ո՛չ մէկ ատեն պիտի մոռնայ անոր յիշատակը: Մէջբերելով բանաստեղծ Պ. Դուրեանի խօսքերը.
«Իսկ աննըշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ»։
(«Իմ Մահը»)
Այս տողերը ցոյց կու տան, թէ սիրելի եւ յարգելի Հրանդ Տինքը կենդանի է մինչեւ հիմա եւ մինչեւ այն ատեն, որ այս մշտադալար ծառերը կանգնած են՝ ան երբեք մոռցուած չէ:
ATP-ի Մասին
Հայաստան Ծառատունկ Ծրագիրը հիմնադրուած է 1994 թուականին պոսթոնաբնակ ազգային գործիչ, բարերար Քարոլին Մուկարի (Մկրտիչեան) կողմէ:
Նպատակն է Հայաստանի սահմանամերձ եւ լեռնային գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու մօտ ծառեր տնկել ու անտառային տնտեսութեամբ զարգացնել շրջանի տնտեսութիւնը եւ պայքարիլ աղքատութեան դէմ: Ունի 2 տնկարան, 60 անտառաբան պաշտօնեաներ: Հաստատութիւնը մինչեւ այսօր տնկած է 5 միլիոն ծառ (Արարատ մարզի մէջ՝ 38 հազար, Շիրակի մէջ 70 հազար, Արցախի մէջ 29 հազար):
ATP-ի աշխատանքներուն շնորհիւ ծառազարդուած են Խոր Վիրապի, Նորավանքի եւ այլ եկեղեցիներու տարածքները, ինչպէս նաեւ Սարդարապատի յուշահամալիրը եւ այլ պատմա–մշակութային վայրեր, դպրոցներու շրջապատներ եւ այլն.:
ԿԱԼԻՆ ԱՂԷԿԵԱՆ
10րդ դասարան
ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրդ. Վրժ.,
Փասատինա